Կիրակի, 22. 02. 2026

spot_img

Պսակաձեւ Ժահրի Հետքերով. Աւելի Քան 40 Հայ Երգիչ-Երգչուհիներ Պիտի Մասնակցին Առցանց Համերգի, Որուն Հասոյթը Պիտի Տրամադրուի «Քորոնա» Ժահրի Դէմ Պայքարին

Աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ ապրող եւ ստեղծագործող աւելի քան քառասուն հայ երգիչ-երգչուհիներ Մայիս 2-ին պիտի մասնակցին միջազգային interactive առցանց համերգի: Համերգին հասոյթը պիտի ուղղուի Հայաստանի մէջ Covid19-ի դէմ իրականացուող պայքարի ծրագիրերուն` աջակցելու առողջապահական համակարգին` ձեռք բերելու անհրաժեշտ շնչառական սարքաւորումներ եւ համապատասխան դեղորայք:

«Արմենփրես»-ի հաղորդմամբ` առցանց համերգին ելոյթ պիտի ունենան Յարութ Փամպուքչեանը, Իւետա Մուկուչեանը, Արա Մարտիրոսեանը, Հայկոն, Արամ MP3-ը, Թաթան, Շուշան Պետրոսեանը, Արամէն, Անտին, Արմէնչիկը, Արման Յովհաննիսեանը, Գարիկը եւ Սոնան, Մարտին Մկրտչեանը, Գրիշա Աղախանեանը, Նորոն, Սոնան, Թաթուլը, Էրիկ Կարապետեանը եւ այլք:

Հայկոն, անդրադառնալով սպասուող համերգային ծրագիրին, տեսանիւթ հրապարակած էի ֆէյսպուքի իր պաշտօնական էջին վրայ` նշելով, որ յատկապէս այս դժուար օրերուն մենք բոլորս պէտք է կողք կողքի ըլլանք: «Միասին մենք կրնաք»,-շեշտած է երգիչը:

Համերգի տոմսեր ձեռք բերելու, երգիչներուն ամբողջական ցանկի, ինչպէս նաեւ իւրօրինակ ֆլեշմոպի մասին մանրամասնութիւններ կրնաք ստանալ այս հղումով` https://all.me/tovmasyanfoundation

Առցանց համերգը նախաձեռնած է «Թովմասեան» բարեգործական հիմնադրամը։

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին