Ֆրանք Ուիթընպոկարտ տաժանելի որոշումի մը դէմ յանդիման գտնուեցաւ Մարտ 13ին: Հոլանտայի մայրաքաղաքին մերձակայքը գտնուող Ալսմիր աւանը՝ ուր երկրին զանազան շրջաններուն մէջ ծաղիկ մշակողներ իրենց արտադրութիւնները կը բերեն վաճառելու համար, բացարձակ ամլութեան մատնուած էր: Ծաղիկներու պահանջքը թէ՛ ներքին եւ թէ՛ արտաքին շուկային համար զերոյի հասած էր: Ուիթընպոկարտի ընտանիքը աւելի քան հարիւր տարիներ ծաղիկի մշակումով զբաղած էր եւ բախտորոշ այդ օրը, ան անճրկած՝ 200 հազար բողբոջ կակաջներ հարկադրուեցաւ ոչնչացնել:
Անցեալ ամսուան ընթացքին, Հոլանտայի մէջ 400 միլիոն ծաղիկներ փճացուած են, որոնց կարգին տասնեակ միլիոնաւոր գունագեղ աշխարհահռչակ կակաջներ: Հոլանտայի ազգային տնտեսութեան զգալի եւ ծանր հարուած մըն էր այս: Երկիրը տարեկան 7.6 միլիառ արժողութեամբ ծաղիկ արտադրած է՝ միջին հաշիւով՝ օրական 30 միլիոն տոլար:
Այս մէկը պարզ այլ ցայտուն մանրանկար մըն է Քորոնա ժահրին գործած կործանարար ազդեցութեան՝ միջազգային տնտեսութեան վրայ:
Նորագոյն վիճակագրութեանց համաձայն աշխարհի մեծագոյն տնտեսութիւնները ոչ միայն աճ պիտի չարձանագրեն, այլ պիտի կծկուին յառաջիկայ մէկ տարուան ընթացքին: Չինաստան, աշխարհի երկրորդ մեծագոյն տնտեսութիւնը, նուազ 7.5 առ հարիւր տնտեսական աճ կը նախատեսէ: Այս բանը վերջին քառասուն տարուան ընթացքին աննախնթաց երեւոյթ մըն է: Ամերիկայի Միացեալ նահանգները արդէն իսկ թեւակոխած է տնտեսական լուրջ տագնապ՝ հակառակ նախագահ Թրամփի յուսադրիչ հաւաստիացումներուն եւ առատ եւ անհիմն խոստումներուն, թէ երկրին տնտեսական կեանքը «անհաւատալի վերածնունդ» մը պիտի ապրի Քորոնա ժահրի դէմ մղուած պայքարի յաղթանակէն անմիջապէս ետք:
Միջազգային Դրամական Հիմնարկին (International Monitary Fund) կողմէ կատարուած նորագոյն վերլուծումներուն համաձայն, յառաջիկայ մէկ տարուան ընթացքին ԱՄՆ-ի տնտեսութիւն՝ աշխարհի առաջինը, պիտի արձանագրէ նուազ 5.7 առ հարիւր աճ, որուն կը հետեւին Եւրոպայի առաջատար տնտեսութիւնները՝ Անգլիա, Գերմանիա, Ֆրանսա, Իտալիա, եւ Ճափոն գրեթէ միեւնոյն համեմատութեամբ: Նոյնպէս IMF-ի համաձայն Լիբանանի տնտեսական աճը 12 առ հարիւր նուազում պիտի տեսնէ յառաջիկայ 12 ամիսներու ժամանակամիջոցին:
Քանի մը օրեր առաջ IMFը ազդարարեց, թէ միջազգային տնտեսութիւնը խոր տեղատուութեան մէջ պիտի ըլլայ յառաջիկայ վեց ամիսներուն եւ եթէ նոյնիսկ բարելաւումի նշոյլներ յայտնուին, տնտեսական որեւէ աճ պիտի ըլլայ գաճաճ եւ չափազանց դանդաղ:
Քորոնա ժահրին հարուածը ծանր կը կշռէ միջազգային տնտեսութեան վրայ: Նորագոյն վիճակագրութեանց համաձայն, զբօսաշրջութեան հետ առնչուած 65 միլիոն պաշտօնեաներ եւ գործաւորներ այսօր գործազուրկ են եւ ահաւասիկ այլ 300 միլիառ տոլարի կորուստ՝ աշխարհի տնտեսութեան:
Երկրագունդի ամենէն բարգաւաճ երկիրը՝ ԱՄՆ, Մարտի վերջին երկու շաբաթներուն, աւելի քան քսան միլիոն անգործներ ունեցաւ: Տնտեսագէտներ կը նախատեսեն այս գումարին կրկնապատկումը՝ յառաջիկայ չորս շաբաթներուն:
Աշխարհի տարածքին վրայ, այս պահուն չի գտնուիր երկիր մը՝ մեծ կամ փոքր, ուր Քորոնա ժահրը իր բացասական ազդեցութիւնը ունեցած չէ: Համաշխարհային ընտանիքին պատկանող 184 պետութիւններ հրամայական կարիքը ունին համագործակցելու, առաջին հերթին առաջքը առնելու այս սարսափազդու համաճարակին եւ երկրորդ՝ վերականգնելու իրենց ցնցուած տնտեսութիւնները:
Հետեւաբար, ճիշդ այս մտահոգութիւններէն մեկնելով, Ֆրանսայի նախագահ Մաքրոն, տենդագին աշխատանքի լծուած է Միացեալ Ազգերու կազմակերպութեան մնայուն հինգ երկիրներու ղեկավարները մէկտեղելու, բարւոք եւ ընդհանուր լուծումներ բանաձեւելու համար աշխարհին դէմ ծառացած կնճռոտ այս խնդիրներուն համար: Քանի մը օրեր առաջ խօսելով իր այս նախաձեռնութեան մասին, Ֆրանսայի նախագահը հաստատեց, թէ արդէն իսկ ապահոված է ԱՄՆի, Չինաստանի, Ռուսիոյ եւ Մեծն Բրիտանիոյ առաջնորդներուն մասնակցութիւնը նման Գեր-Գագաթի խորհրդաժողովին: Ե՞րբ եւ ո՞ւր, տակաւին յայտնի չէ: Ռուսական Դաշնակցութեան Արտաքին Գործոց Նախարար Սերկէյ Լաւրով ռուսական մամուլին հետ Ապրիլ 15ին, ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին, հաստատեց իր երկրին մասնակցութիւնը Փարիզի կողմէ նախաձեռնուած նման Գեր-Գագաթի համաժողովին: Ռուս նախարարը նաեւ յայտնեց թէ ընթացիկ տարուան Յունուար ամսուն, նախագահ Փութին շփման մէջ գտնուած էր մեծ պետութիւններու գլխաւորներուն հետ: Համագործակցաբար քաղաքական լուծումներ գտնել աշխարհը յուզող կնճռոտ հարցերու, որոնց կարգին եւ մասնաւորաբար Լիպիական քաղաքացիական ծանծաղ պատերազմին: Միեւնոյն hարցազրոյցի ընթացքին, Լաւրով տեղեկացուց իր ունկնդիրներուն, թէ Ապրիլի առաջին օրերէն ի վեր, նախագահներ Փութին եւ Թրամփ մէկէ աւելի հեռաձայնային խօսակցութիւններ ունեցած են, որոնց գլխաւոր առանցքը կազմած է Քորոնա ժահրը:
Այնպէս կը թուի Ռուս նախագահը դէմ յանդիման կը գտնուի մէկէ աւելի սուր մարտահրաւէրներու առջեւ: Արդարեւ, թէեւ Քրեմլինը արագ շարժեցաւ փակելով միջազգային իր սահմանները՝ սահմանափակելու մտահոգութեամբ Քորոնա ժահրին ներածումը, առաւել, տեղական իշխանութիւնները խիստ կանոններ հաստատեցին, յատկապէս մայրաքաղաք Մոսկուայի մէջ, ուր շրջագայութիւնը գրեթէ սառեցաւ եւ զանգուածային վարակում տեղի չունեցաւ, ինչպէս Եւրոպայի եւ Նիւ Եորքի պարագային, սակայն փակելով տնտեսութիւնը, առաւել եւս խախտուեցաւ երկրին ելեւմտական վիճակը: Ռուսիան արդէն իսկ կը պայքարի կայունացնելու իր տնտեսութիւնը ի դէմ Միացեալ նահանգներու եւ Եւրոպական Միութեան կողմէ հաստատուած պատժամիջոցներուն: Առաւել, քարիւղի գինին անկումը յաւելեալ հարուած մըն էր Ռուսիոյ: Այս բոլոր ազդակները պիտի ազդեն Ռուս ժողովուրդին կեանքի մակարդակին, տնտեսութեան աճման եւ հանգստեան կոչուածներու կենսաթոշակին:
Դարձեալ ըստ IMF-ի Ապրիլի սկիզբը հրատարակած տուեալներուն, Ռուսիոյ տնտեսական աճը կը նախատեսուի նուազ 12.5 առ հարիւր: Յստակ չէ եթէ սահմանադրական փոփոխութիւններու համար ծրագրուած հանրաքուէն տեղի պիտի ունենայ մօտիկ ապագային, որուն նպատակն է տակաւ երկարաձգել նախագահ Փութինի պաշտօնավարութիւնը:
ՆԵՐՍԷՍ ՊԱՊԱՅԵԱՆ