Կիրակի, 22. 02. 2026

spot_img

Հայաստանի Մէջ Քորոնայով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 1339-ի

Հայաստանի մէջ արձանագրուած է Քորոնա ժահրով վարակուելու 48 նոր դէպք:

Այս մասին նշուած է ՀՀ ԱՆ հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ:

Հայաստանի մէջ 20 ապրիլին՝ ժամը 11:00-ի դրութեամբ Քորոնա ժահրի հաստատուած դէպքերու ընդհանուր թիւը 1339 է, արձանագրուած է մահուան 22 (աւելցած է եւս 2 դէպք) դէպք: Ընդհանուր առմամբ կատարուած է 13 հազար 373 քննութիւն։

Ապաքինուած հիւանդներու թիւն աւելցած է 35-ով, եւ բուժուածներու գումարային թիւը դարձած է 580։ Այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 737 հիւանդ:

ՀՀ առողջապահութեան նախարարութենէն տեղեկացուցած են, որ մահացողները եղած են 62 եւ 90 տարեկան եւ ունեցած են ուղեկցող քրոնիկական հիւանդութիւններ։

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին