Լիբանանի մէջ 4 նոր վարակակիրներու պարագայ արձանագրուեցաւ անոնց ընդհանուր թիւը հասցնելով 677-ի: Մինչեւ այս պահը արձանագրուած են 21 մահուան պարագաներ, մինչ 102 անձեր բժշկուած են:
Վերջին արդիւնքները հիմնուած են 340 քննութեան վրայ, որոնք կատարուած էին վերջին 24 ժամերուն ընթացքին: Մասնագէտներ կը պնդեն, որ պէտք է օրական 2500 քննութիւն կատարել իրավիճակի ճիշդ գնահատման համար:






