Երկուշաբթի, 09. 06. 2025

spot_img

ԳՈՅԺ

Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկի Լիբանանի Խորհրդատու Մարմինը,

 Ճինիշեան Ընկերակցութիւնը, Տնօրէնութիւնը եւ Պաշտօնէութիւնը

այսու կուգան խոր ցաւով գուժել մահը՝

Տոքթ. Ռոբովթ Տիմոթէոս ՉՈՐՊԱՃԵԱՆի

Որ իր սիրելի բժշկապետ Յիսուս Փրկչին միացաւ

11 Ապրիլ 2020-ին  Փասատինայի մէջ, ԱՄՆ

1957-էն ի վեր,  զուգահեռ իր բժշկական ծառայութիւններուն, ան եղաւ սրտակից բարեկամը անկարին, խորհրդատուն հայ պատանիին ու երիտասարդին, նուիրեալ , անխտրական, ազգասէր հոգեւոր առաջնորդը՝ Աստուծոյ բոլոր զաւակներուն:

Առ այդ,  Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկի զանազան յանձնախումբերուն մէջ ծառայելը առանձնաշնորհում  նկատեց՝  ինչպէս Մանկամսուրի, Բժշկական եւ յատկապէս  իբր Լիբանանի Խորհրդատու Մարմնի անդամ ապա ատենապետ՝ Լիբանանեան 15-ամեայ եւ յետ պատերազմի դժուար տարիներուն: Միեւնոյն ատեն Ճինիշեան Հիմնադրամի խնամատար՝ Ամերիկայի Երիցական Եկեղեցիին շաղկապը հանդիսացաւ Միջին արեւելքի տնօրէն՝ Պրն. Հայկ Թիլպեանի հետ: Ան նաեւ քաջալերական դերակատարութիւն ունեցաւ՝ իբր Լիբանանեան բարեսիրական հաստատութիւն Ճինիշեանի ճանաչումի աշխատանքներուն մէջ:

Քրիստոս, Իր օրհնութիւնները հայ ազգի ամենաչքաւոր զաւակներուն բաշխեց այս համեստ, անձնազոհ ու ազգանուէր վկային  միջռցաւ:

Ս. Հոգիին մխիթարութիւնը մեր բոլորին:

                                                                                                          Տնօրէնութիւն

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին