Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

Մահագրական. Տոքթ․ Ռոբովթ Չօրպաճեանի Յիշատակին (1934-2020)

Լիբանանի Հաուըրտ Գարակէօզեան հիմնարկութենէն ներս տարուած ծառայութիւններուն իրենց կարեւոր նպաստը բերած նուիրեալներու խումբին կարկառուն դէմքերէն՝ Տոքթ․ Ռոբովթ Չօրպաճեանը, իր պաշտօնավարութեան երկար տարիներու ընթացքին նախ որպէս Լիբանանի Վարչական Մարմնի անդամ 1987-էն սկսեալ եւ ետքը 2004էն-2014 (10 տարիներ), որպէս ատենապետ ծառայեց հաւատարմութեամբ ու քրիստոնէական բարձր սկզբունքներով։ Ան ցուցաբերեց գործակցութեան սքանչելի ոգի թէ հաստատութեան տնօրէններուն վեր․ Ռոպէր Սարգիսեանի եւ պրն․ Սերոբ Օհանեանի հետ եւ թէ Վարչական Մարմնի անդամ անդամուհիներուն հետ ստեղծելով դրական եւ կառուցողական մթնոլորտ որը պատճառ հանդիսացաւ հաստատութեան ուռճացումին եւ բարգաւաճութեան։

Իր ատենապետութեան օրերուն էր, որ հաստատութիւնը հարկադրուեցաւ սուրիական պատերազմին պատճառած հայ գաղթականներուն հասցնել անհրաժեշտ օժանդակութիւնը ընկերային, տնտեսական եւ բժշկական մարզերէն ներս։ Գարակէօզեանի ծառայութեան կարիքը ունեցողներուն թիւը բազմապատկուեցաւ եւ մեծ թիւով սուրիահայեր լաւագոյնս օգտուեցան ընձեռուած ծառայութիւններէն։

Դեկտեմբեր ամսին տարեկան դրութեամբ տեղի ունեցող Գարակէօզեան ընտանիքի ննջեցեալներուն նուիրուած հոգեհանգստեան արարողութիւններուն ծիրէն ներս Տոքթ․ Չօրպաճեան կ՝արտայատէր իր մտածումները իր խօսքին մէջ։ Ան կը նշէր որ մեր ունեցած նիւթական օրհնութիւնէն ուրիշին՝ կարօտեալին տալը, Աստուածային պատուէր մըն էր թէ ինչպէս Գարակէօզեան ընտանիքը իր զաւկին՝ Հաուըրտին կորուստը վերածեց հազարաւոր փոքրիկներու առողջութեան եւ զարգացման նուիրուած առաքելութեան։ Թէ Գարակէօզեանները հայ ժողովուրդին կտակեցին իրենց ամբողջ ունեցուածքը եւ իրենց վերջին ժառանգորդը՝ Լէյլան, տուաւ ինչ որ ունէր ու անձնապէս ապրեցաւ չափազանց համեստ կեանք մը։ Տոքթ․ Չօրպաճեան կը ներկայացնէր հաստատութեան անձնակազմին եւ Վարչական Մարմնին գործելաոճը թէ անոնք ինչպէս կը ծառայեն հաւատարմութեամբ եւ բոլորին հանդէպ ցուցաբերուած անխտրական ոգիով։ Ան կը շեշտէր, որ հաստատութեան դռները բաց պիտի մնան բոլոր անոնց համար, որոնք կարիքը ունին անոր ծառայութիւններուն։ Ան կը հաւատար որ բարերար ընտանիքին յիշատակը յաւերժացնող այս ձեռնարկը պիտի շարունակէ տակաւին երկար տարիներ ջերմ եռանդով, յարատեւ կամքով եւ անսասան հաւատքով։

Տոքթ․ Չօրպաճեանի բերած նպաստը Գարակէօզեան հաստատութեան արժանի է յատուկ երախտագիտութեան եւ գնահատանքի։ Անոր ցուցաբերած արդարամտութիւնը, անխտրականութիւնը, տկարին, հիւանդին, ծերին ու անկեալին հանդէպ ունեցած քրիստոնէական գութն ու բարձր ոգին պիտի ներշնչեն Գարակէօզեան մեծ ընտանիքի բոլոր ծառայողները անխտիր նոյն ոգիով շարունակելու իրենց առաքելութիւնը։

Եւ զուգադիպութիւն չէր, որ Տոքթ․ Չօրպաճեան իր հոգին աւանդեց Քրիտոսի Հրաշափառ Ս․ Յարութեան օրը․ այդ մէկը ինքնին վկայութիւնն էր այս աշխարհի վրայ ապրած իր քրիստոնէական հաւատքին։

Տոքթ․ Չօրպաճեան հեռացաւ մեզմէ միանալու Գարակէօզեան ընտանիքի եւ, Նախկին վարչական կազմի անդամներուն եւ տնօրէններուն։ Վստահ ենք որ ինք եւս արժանի եղաւ լսելու Տէրունական այն խօսքը որ կ՝ըսէ․- «Ապրի՛ս, բարի ու հաւատարիմ ծառայ․դուն որ քիչ բանի մէջ հաւատարիմ եղար, քեզ շատ բաներու վրայ պիտի կեցնեմ․ մտի՛ր քու Տիրոջդ ուրախութեան մէջ» (Մատ․25։21)

Խունկ ու Աղօթք իր Յիշատակին։

 

Ազատուհի Սիմոնեան-Գալայճեան

Անդամ՝ Լիբանանի Հաուըրտ Գարակէօզեան Հիմնարկի

Վարչական Մարմնի

Պէյրութ

17/3/2020

 

 

 

 

 

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին