Թուրքիոյ մէջ վերջին մէկ օրուան ընթացքին կատարուած է «Քորոնա» ժահրի 34090 քննութիւն, գրանցուած է վարակման 4281 նոր դէպք:
Օրուայ ընթացքին Թուրքիոյ մէջ «Քորոնա» ժահրէն մահացած է 115 մարդ, առողջացած` 875-ը:
Այսպիսով, Թուրքիոյ մէջ համավարակի սկիզբէն եղած քննութիւններու թիւը կազմած է 477 716, գրանցուած է վարակման 69 392 դէպք, մահուան դէպքերու թիւը հասած է 1518-ի: Վարակուածներէն 5674-ն առողջացած է եւ դուրս գրուած է հիւանդանոցներէն:






