Վարչապետ Հասսան Տիապ երէկ իր խօսքը ժողովուրդին ուղղելով յայտնեց, որ 3 թրիլիոն լիբ. ոսկիի յատկացումներ պիտի ըլլան քորոնայի ճգնաժամին պատճառով տնտեսական դժուարութիւններու առջեւ յայտնուած քաղաքացիներուն:
Ան իր խօսքին մէջ երաշխիքներ տուաւ բոլոր անոնց, որոնք մտահոգութիւն ունին դրամատնային իրենց ներդրումներուն ճակատագրին մասին: Ան շեշտեց, որ կառավարական միջոցառումները ոչ մէկ կերպով պիտի ազդեն ներդրողներու 98 տոկոսին վրայ:
Տիապ շեշտեց որ նկատի առնուած պիւտճէն նաեւ պիտի ծածկէ առողջապահական համակարգի ծախսերը:
Ան աւելցուց, որ արտակարգ վիճակի հաստատումը տնտեսապէս բաւական ծանր է երկրին վրայ եւ ան իր հետեւանքները պիտի ունենայ: Այս պատճառով կառավարութիւնը իր կարելին պիտի ընէ հակակշռելու ծանր կացութիւնը:
Նշենք- որ երէկուայ տուեալներով Լիբանանի մէջ քորոնա ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 663-ի:






