Երեքշաբթի, 03. 06. 2025

spot_img

Հայոց Ցեղասպանութեան 105-Ամեակի Նշում. ՍԴՀԿ- ՌԱԿ- ՀՅԴ Հանդիպում

Հինգշաբթի, 16 ապրիլ 2020-ին, «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը լիբանանահայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու՝ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութեան վարիչ մարմնի, Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան շրջանային վարչութեան եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան կեդրոնական կոմիտէի պատասխանատուներուն միջեւ։

Ժողովը առաջին հերթին անդրադարձաւ «Քորոնա» ժահրի ստեղծած ճգնաժամային իրավիճակին եւ այդ ծիրին մէջ լիբանանահայ համայնքի դիմագրաւած կացութեան։ Գնահատուեցաւ  լիբանանահայ բոլոր համայնքներու եւ կուսակցութիւններու, ինչպէս նաեւ միութենական ու  բարեսիրական կառոյցներու զօրակցութիւնը վայելող «Քորոնա»ի ճգնաժամային շտապի գործունէութիւնը, որ անցնող ամսուան ընթացքին ունեցաւ լայնածաւալ գործունէութիւն։ Ժողովը հանգամանօրէն արժեւորեց նաեւ գաղութին մէջ իրագործուող անհատական եւ հաւաքական ճիգերով տարուող օժանդակութեան եւ կանխարգիլման բոլոր նախաձեռնութիւնները ու այս իմաստով մեր հայրենակիցներու ցուցաբերած նիւթաբարոյական պատրաստակամութիւնը։ Այս ծիրին մէջ անհրաժեշտ նկատուեցաւ շարունակել նպաստաբաշխումի, օժանդակութեան ու հանգանակութեան աշխատանքները։

Ապա ստեղծուած այս արտակարգ իրավիճակին մէջ ժողովը քննարկեց Հայոց ցեղասպանութեան 105-ամեակը նշելու կարելիութիւնները։  Որոշուեցաւ հակառակ առկայ դժուարութիւններուն, լիբանանահայութիւնը անպայման նշէ Հայոց ցեղասպանութեան սրբադասուած նահատակներու յիշատակը եւ վերանորոգէ Հայ դատի պահանջատիրական իր ուխտը։ Անշուշտ բոլոր նախաձեռնութիւնները պիտի պատշաճեցուին ներկայ կացութենէն բխած պետական որոշումներուն եւ ամբողջականօրէն յարգուի ընկերային հեռաւորութեան սկզբունքը (Social distance)։

Յառաջիկայ օրերուն մամուլով ժողովուրդին սեփականութեան տակ պիտի դրուին նախաձեռնութիւններու մանրամասնութիւնները։

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին