Երեքշաբթի, 10. 03. 2026

spot_img

Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Համար Պայքարը Երբեք Պիտի Չդադրի. Մնացականեան

ՀՀ կառավարութիւնը կը փորձէ տարբերակներ գտնել Ապրիլ 24-ին Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը Հայաստանի եւ աշխարհի շարք մը երկիրներու մէջ յայտարարուած արտակարգ դրութեան պայմաններուն մէջ ոգեկոչելու համար: «Արմենփրես»-ի փոխացմամբ` այս մասին ըսած է ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան` խորհրդարանին մէջ կառավարութեան հետ հարց ու պատասխանի ընթացքին, պատասխանելով Ազգային ժողովի «Իմ քայլը» խմբակցութեան պատգամաւոր Վլատիմիր Վարդանեանի հարցումին:

«Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման, արդարութեան համար պայքարը երբեք պիտի չդադրի: Հիմա աննախադէպ, անսովոր պայմաններ են, բայց այս ամբողջ ընթացքին հայ ժողովուրդին որեւէ հանգամանք չէ կանգնեցուցած արդարութեան համար այս կարեւոր պայքարին մէջ: Այս տարի եւս մենք կը գտնենք տարբերակ, թէ՛ Հայաստանի մէջ, թէ՛ Հայաստանէն դուրս: Հայոց Ցեղասպանութիւնը եղած է եւ կը մնայ գերակայ ուղղութիւններէն մէկը արտաքին քաղաքականութեան մէջ»,- ըսած է նախարարը:

Արտակարգ դրութեան պայմաններուն մէջ՝ Ապրիլ 24-ի, Մայիս 8-ի եւ 9-ի ձեռնարկներուն քաղաքացիների մասնակցութիւնը պիտի սահմանափակուի:

Հայաստանի կառավարութիւնը որոշեց արտակարգ դրութիւնը երկարաձգել Ապրիլ 14-էն մինչեւ Մայիս 14։

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին