Երեքշաբթի, 10. 03. 2026

spot_img

Հայաստանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուած Անձերու Հաստատուած Թիւը Հասաւ 1067-ի

Հայաստանի մէջ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրով վարակուելու 28 նոր դէպք։ Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, այս մասին «Ֆէյսպուք»-ի ուղիղ եթերի ժամանակ յայտնած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը։

«Մենք երէկ ունեցած ենք 685 քննութիւն, որմէ դրական եղած է 28-ը։ Շատ կարեւոր վիճակագրութիւն ունինք, որ առաջին անգամ մեր դրական դէպքերը գրեթէ կրկնակի աւելի քիչ են, քան առողջացման դէպքերը։ Երէկուայ դրութեամբ մենք 54 առողջացման դէպք ունեցած ենք։ Այսօր ունինք 786 աշխոյժ դէպք, այսինքն՝ աշխոյժ դէպքերու որոշակի նուազում ունինք։ Այս ալ առաջին անգամն է, երբ օրուայ արդիւնքով մեր վարակակիր հիւանդներու թիւը ոչ թէ կ’աճի, այլ կը նուազի»,- ըսած է Փաշինեանը։

Հայաստանի մէջ 14 ապրիլին՝ ժամը 11:00-ի դրութեամբ «Քորոնա» ժահրի հաստատուած դէպքերու ընդհանուր թիւը 1067 է, արձանագրուած է մահուան 16 դէպք: Քննութիւններէն 8316-ը բացասական արդիւնք տուած է: Ապաքինուած հիւանդներու թիւն աւելցած է 54-ով եւ բուժուածներու գումարային թիւը դարձած է 265: Այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 786 հիւանդ:

Հայաստանի կառավարութիւնը 14 ապրիլին կայացած արտահերթ նիստին ընդունեց hանրապետութեան մէջ 2020 թուականի 16 մարտին յայտարարուած արտակարգ դրութեան ժամկէտը 2020 թուականի 14 ապրիլէն ժամը 17:00-էն` 30 օրով՝ մինչեւ 2020 թուականի 14 մայիսը ժամը 17:00-ը երկարաձգելու որոշում։ Երկրի մէջ պիտի գործէ խիստ սահմանափակումներու ռեժիմ:

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին