Կիրակի, 15. 06. 2025

spot_img

Պատմական Հարթակ. Մկրտիչ Խրիմեան, Հայ Ժողովուրդի Իրական Հայրը

«Պելինում բոլոր հպատակ ազգերի համար բաժանւում էր հոգեճաշ հարիսա, դուք ինձ ուղարկել էիք, որպէսզի ես գնամ եւ բերեմ մեր բաժինը: Բոլորը եկան իրենց երկաթէ շերեփներով, վերցրին ու տարան իրենց բաժինը, երբ ես փորձեցի վերցնել մեր բաժինը, իմ շերեփը թղթից էր ու լղճուեց մնաց հարիսայի մէջ, ես մնացի ձեռնունայն»:

Մկրտիչ Խրիմեանի խօսքերը 1878 թուականին Պեռլինի վեհաժողովէն ետք

Հայ Առաքելական Եկեղեցին պահապանն է հայ ժողովուրդին, անոր մշակոյթին եւ սրբութիւններուն: Մկրտիչ Խրիմեան 1878 թուականին Պեռլինի վեհաժողովէն վերադարձին իր խօսքերով հայ մարդու ենթագիտակցութեան մէջ ըսաւ հետեւեալը.«Զարթի՛ր որդեակ, զարդի՛ր հայ գեղջուկ, զարդի՛ր հայ երիտասարդ… Բաւ է քնացանք: Արթննալու ժամը հասաւ: Մենք ուշ ենք արդէն: Սերպը, յոյնը, պուլկարը, մակեդոնացին եւ մնացեալ ճնշուած ազգերը իրենց երկաթէ զէնքով առին իրենց բաժինը: Մենք անզէն, միայն թուղթով գացինք: Մեզի բաժին ալ թուղթի կտոր մը տուին ստախօս եւրոպացի դիւանագէտները: Զէնքի դիմելու ժամը հասած է…»

            Խրիմեան Հայրիկ այն քաջարի հայ եկեղեցականն էր, որ իրաւ հայու ու քրիստոնեայի կորովով հայ ժողովուրդը իր դարերու քունէն արթնցուց: Կոչ ըրաւ բոլորին դիմելու ազատագրական պայքարի: Այդ կոչը պատմական շրջադարձ մըն էր հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ: Ճնշուած եւ իր իրաւունքները կորսնցուցած հայ ժողովուրդի զաւակներ զգացին թէ հասած էր ժամը վերսկսելու ազատագրական պայքարը: Այդ պայքարը արեւելեան Հայաստանի եւ Արցախի մէջ յաջողած էր շնորհիւ այդ շրջանի հայ ղեկավարներու դիւանագիտական արթնութեան եւ Ռուսիոյ զօրակցութեան: Նոյնը կարելի է՞ր արեւմտեան Հայաստանի մէջ: Այս կայծն է որ մարդոց մէջ դրաւ Խրիմեան Հայրիկ: Սերպը, յոյնը եւ Պալքանեան թերակղզիի միւս ժողովուրդները մեծ զոհողութիւն ըրած էին 1820-ականներէն ի վեր: Արդիւնքը քաղեցին Պեռլինի վեհաժողովին: Մենք արդէն ուշացած էինք: Պոլսոյ մեր հարուստներու խաւը իր շահերուն համար քնացուցած էր գաւառի հայ ժողովուրդը, որ կը տառապէր Օսմանցիին լուծին տակ: Սահմանադրական խաբուսիկ փոփոխութիւններով օսմանցին քնացուց հայ ժողովուրդը: Այդ հարուստ խաւն էր որ միշտ կը ճնշէր Պոլսոյ պատրիարքին վրայ քայլերու չի դիմելու Օսմանեան պետութեան դէմ: Անոր գինն է որ վճարեց Մկրտիչ Խրիմեան, երբ Պոլսոյ պատրիարք դառնալէ ետք դէմ դրաւ անոնց տգէտ խաւին, որ իր շահերուն համար զոհեց ամբողջ ժողովուրդի մը ճակատագիրը: Ներսէս Վարժապետեան պատրիարքն ալ ենթարկուած էր այդ հարուստներու խաւին եւ Օսմանեան սուլթանի սպառնալիքներուն օգնութիւն չխնդրելու Ռուսիոյ ցարէն, որ պատրաստ էր օգնելու ինքնավարութիւն ձեռք ձգելու համար:

            Հիասթափուած եւ զգալով մեր անզօրութիւնը Օսմանեան եւ արեւմտեան աղուէսային քաղաքականութեան դէմ, Հայրիկ տուաւ ազդանշանը ազատագրական պայքարի սկսելու: Այս ատենուան մտաւորականներ Գրիգոր Արծրունի, Ծերենց, Գարեգին Եպիսկոպոս Սրուանձտեանց, Գամառ Քաթիպա եւ Ռաֆֆի իրենց յօդուածներով եւ երկերով մտաւոր հիմը դրին այդ պայքարին: 1879-ին Վասպուրականի հոգեւոր առաջնորդ ընտրուիլը մեծ առիթ էր Հայրիկին համար ցանելու ազգային-ազատագրական պայքարի առաջին հունտերը: Ան օժանդակեց Վանի «Սեւ Խաչ» եւ Կարինի «Պաշտպան Հայրենեաց» գաղտնի կազմակերպութիւններու ստեղծման ու գործունէութեան: Անոր ճիգերով է որ 1885 թուականի Մայիսին, Վանի մէջ հիմը դրուեցաւ առաջին հայ քաղաքական կազմակերպութեան՝ Արմենական կուսակցութեան: Այդ կուսակցութեան գաղափարախօսութիւնը մշակուեցաւ Մկրտիչ Փորթուգալեանի կողմէ, իսկ Հայրիկի եւ Փորթուգալեանի շունչով մեծցած Մկրտիչ Աւետիսեան ստանձնեց գետնի վրայ կուսակցութեան գործունէութեան պատասխանատուութիւնը: Արմենականները ազգային դաստիարակութեամբ զինեցին Վասպուրականի եւ Պարսկահայքի հարիւրաւոր հայ երիտասարդներ: Անոնք դրին հեռու նպատակ մը, զինուելու առանց արկածախնդրութեան եւ յարմար պահուն միայն այդ զէնքը օգտագործելու: Յարմար պահը միայն ինքնապաշտպանութիւնն էր կամ ռուսերու մուտքը Հայաստան: Արմենականները ապագային կորիզը դարձան Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան:

            Այս շարժումը նոր թափ ստացաւ, երբ 1887-ին Ժընեւի մէջ հիմը դրուեցաւ Հնչակեան Կուսակցութեան եւ 1890-ին Թիֆլիսի մէջ հիմնուեցաւ Հայ Յեղափոխականների Դաշնակցութիւնը:

            Օսմանեան պետութիւնը հաշտ աչքով չէր դիտեր Հայրիկի գործունէութիւնը եւ 1885-ին զինք հրաւիրեցին Կոստանդնուպոլիս: իսկ 1890-ին Գում Գափուի ցոյցէն ետք պետութիւնը զինք աքսորեց Երուսաղէմ: 1892-ին Մկրտիչ Խրիմեան ընտրուեցաւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոս եւ Օսմանեան պետութիւնը միայն 13 ամիս բանակցութիւններէ ետք Ռուսիոյ ցարին հետ համաձայնած է թոյլ տալ որ ան մեկնի Ս.Էջմիածին: Մկրտիչ Խրիմեան կաթողիկոս մեծ ճիգ թափեց ռուսական արքունիքին մէջ, հայկական հարցը միշտ օրակարգի վրայ դնելու համար: 1894-1896 թուականներու Համիտեան ջարդերու ատեն Ռուսիոյ ցարէն իրաւունք ստացաւ հանգանակութիւն կազմակերպելու օգնելու համար տուժածներուն: Անոնց հոգ տարաւ ու ապահովեց երկիր վերադարձը: Իր օրերուն է որ, Ռուսիոյ ցարը դէմ դնելու համար երկրին մէջ սկսած յեղափոխական շարժումներուն, հրապարակեց օրէնք մը, որ կրթութիւնը պիտի կեդրոնացնէր ռուսական վարժարաններու մէջ եւ ասոր համար հայկական վարժարանները փակել տուաւ ձեռք դնելով եկեղեցւոյ կալուածներուն վրայ: Խրիմեան բողոքեց այս որոշումին դէմ եւ առաջնորդներուն հրամայեց չենթարկուիլ այս օրէնքին:

            Երկու հարիւր տարի առաջ ծնած Մկրտիչ Խրիմեան, որու ժողովուրդը տուած էր Հայրիկ տիտղոսը, շատ բան տուաւ մեր ժողովուրդին: Դարձաւ ժողովուրդի իսկական հայր: Իր գրականութեամբ ժողովուրդը մղեց սիրելու իր հողը զաւակի մըն նման եւ անկէ չհեռանալու: Տէր կանգնեցաւ իր հօտին իսկական հովիւի մը նման եւ զայն պաշտպանեց գայլերու վոհմակներէն: Քաջ քրիստոնեայ եկեղեցականի վայել կեցուածքով դէմ դրաւ մեր ժողովուրդը քնացած պահող Կոստանդնուպոլսոյ տգէտ հայ մեծահարուստներուն: Անոր համար սուղ գին վճարեց: Վերջապէս հայ ժողովուրդը դաստիարակեց իր նշանաւոր երկաթէ շերեփի խօսքով, որ մինչեւ հիմա կը մնայ մեր բոլորին ականջներուն մէջ: Իրաւունքը կ’առնուի խօսքով եւ գործով: Առանց գործի կամ պայքարի չկայ փրկութիւն: Մեր ժողովուրդի զաւակները տակաւին արդարութեան կը սպասեն «Կը պահանջենք» լոզունգով: Գետնի վրայ ո՞ւր ենք մենք: Ո՞ւր է արեւմտեան Հայաստանի դատը: Գործնական քայլեր պէտք են: Խօսքով կը մնանք ամպերու մէջ: Այդ քայլերը առնող հայ դիւանագէտներ կան: Ուշի ուշով հետեւինք անոնց քայլերուն, զօրակցինք անոնց: Ապագան մեզ կը սպասէ իր աշխարհաքաղաքական փոփոխութիւններով, անակնկալներով եւ գործով: Փառք ու պատիւ մեր ազգի խրոխտ զաւակ եւ քաջ եկեղեցական Խրիմեան Հայրիկին, որ մեզ կը դիտէ իր բարձունքէն…

ՎԻԳԷՆ ԹՈՍՈՒՆԵԱՆ

 

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին