Կիրակի, 15. 06. 2025

spot_img

Զատկի Առթիւ

 

ՎԱՀԱՆ ԹԷՔԷԵԱՆ

Արեւ, 23 Մարտ 1940

 

Երէկ հրապարակած էինք մեծ խմբագրապետին Զատկուայ առիթով թուականէս 80 տարիներ առաջ գրած մէկ այլ խմբագրականը:

Նոյնանման օրեր եւ յոյզեր կ՛ապրինք այսօր: Այս պատճառով ալ սոյն գրութիւնը, որուն մէջ ան իր ոճով յաւէտ այժմէական մաղթանքներ կ՛ընէ, կը դնենք մեր ընթերցողներուն տրամադրութեան տակ:

«Խմբ.»

 

 

Յիսուս իր աշակերտները ունէր: Իր կատարած առաջին հրաշքը եղաւ այդ պարզ մարդիկը այնպէս մը լեցնել իր հոգիով՝ որ անոնք տուին Քրիստոնէութիւնը աշխարհի:

Աշակերտնե՜րը… Կրօնքի հիմնադիրները չեն միայն՝ որոնք պէտք ունին իրենցմով ոգեւորուած, զիրենք հասկցած եւ հասկցնել ճգնող հետեւորդներու որպէսզի զուր չանցնի երկրի վրայ իրենց առաքելութիւնը, որպէսզի իրենց հանճարին ծաղիկը, որքան ալ շքեղ եղած ըլլայ ան, անկիւն մը առանձին բացուած ու թափած չըլլայ այլ ժողվուի եւ ցանուի իր հունտը, եւ որպէսզի տարածուի եւ բազմանայ բարիքը զոր բնութիւնը ուզած էր շնորհել մարդկութեան:

Չեմ բաղդատեր Քրիստոսը եւ ուրիշ մարդ մը՝ նոյնիսկ հանճարեղ: Կ’ուզեմ ըսել միայն՝ թէ Քրիստոս ալ պէտք ունեցաւ աշակերտներու՝ որպէսզի կարենայ բաշխել մարդկութեան ինչ որ բերած էր անոր համար եւ ինչ որ կը թուէր թէ շատ դիւրա՜ւ տարածելի, դիւրա՜ւ  որդեգրելի բան մըն էր՝ Սէրը իրարու եւ Սէրը Արարիչին համար: Եւ եթէ ճիշտ է, որ Քրիստոս բարձրացուց իր աշակերտները, զանոնք արժանի դարձուց իր վստահած գործին, սխալ չէ ըսել որ աշակերտներն ալ բազմապատիկ վերադարձուցին Անկէ իրենց ստացած շնորհը՝ կատարելով ինչ որ իրենց Վարդապետը կամ Վարպետը ակնկալած էր իրենցմէ:

Մէկը միայն՝ այդ աշակերտներէն, մատնեց զինք, բա՛ն մը որ ծառայեց միւս բոլորին հաւատարմութիւնը թէ՛ ցայտեցնելու եւ թէ՛ ամրապնդելու, ինչպէս նաեւ լրացնելու այն մարգարէութիւնը՝ թէ իր մարմնեղէն հալածանքովը Ան պիտի ապահովէր իր հոգեղէն յաղթանակը:

Եւ այնքան մեծ էր փոխադարձ պահանջը Քրիստոսի եւ աշակերտներուն իրարու հաւատալու, որ իր չարչարալից մահէն ետք Վարդապետը նորէն պիտի դառնար իր աշակերտներուն մօտ, նորէ՛ն պիտի ուսուցանէր անոնց եւ անոնք նորէ՛ն պիտի ներշնչուէին ու զօրանային իրմով…:

Քրիստոսի Յարութեան տօնը հազար խորհուրդ կը թելադրէ, որոնցմէ մէկն ալ այս է.- Վարպետի մը շուրջ բոլորուող աշակերտներու հաւատքին անհրաժեշտութիւնը՝ անոր ոգիին կամ գաղափարին տարածման, անոր գործին արդիւնաւորման համար:

Այդ վարպետը եթէ Քրիստոս մը չէ, եթէ Սոկրատ մը, կամ՝ ցատկելով դարերու վրայէն՝ Փասթէօր, մը կամ Ֆրոյտ մըն ալ չէ, կրնայ մարդ մը ըլլալ սակայն՝ որուն մտքի ու սրտի աւելի մեծ ձիրքեր տուած է բնութիւնը քան ուրիշ շատերու եւ որմէ պէտք է – հետեւաբար – առնել այդ ձիրքերուն արգասիքը եւ տարածել մարդոց միջեւ:

Աւելի՛ն. վարպետը պէտք ունի յաճախ, իր ձիրքերուն պտղաբերումին իսկ համար, իր շուրջը աշակերտներ հաւաքուած տեսնելու եւ անոնց մտքին ու հոգիին փորձադաշտին վրայ հասունցնելու գաղափար կամ գիւտ, արուեստի վարդապետութիւն կամ գիտութեան վարկած, եւ կամ քաղաքական առաջնորդութիւն: Վարպետը առանց աշակերտի, ինչպէս բառն ալ արդէն կը հասկցնէ, անհեթեթութիւն մըն է, ամլութիւն մը՝ ամէն պարագայի:

Արդ, կրնա՞նք թելադրել, կրնա՞նք յուսալ մանաւանդ, որ Քրիստոսի կեանքը, մահն ու յարութիւնը – իր անձին չափ՝ իր Ոգիին յարութիւնը – տօնախմբող այս օրուան մէջ, ըլլա՜ն մարդեր որ՝ երբ պաշտօնը ունին՝ գիտակցութիւնն ալ ունենան վարդապետի, վարպետի, առաջնորդի կամ վարիչի պարտականութիւններուն եւ ըստ այնմ ինքզինքնին պահեն, բարձրացնեն եւ ազդեն իրենց շրջապատին՝ կամայ-ակամայ իրենցմէ կախում ունեցող կամ իրենց հետեւողներուն վրայ: Ինչպէս որ ըլլա՜ն ուրիշ մարդեր, որոնք պարզ կամ գիտուն, աղքատ կամ հարուստ՝ ունենան խանդավառ հոգի մը, գաղափարապաշտութիւն եւ անձնուիրութիւն ա՛յնքան՝ որ գիտնան մարդ մը վարպետի վերածել, անոր տալով – իր ուժի եւ տաղանդի լիութեանը ատեն – գործելու բոլոր կամ գոնէ բաւարար հնարաւորութիւնները:

Վաղը, Զատիկ, երբ հայ մը ուրիշ հայ մը կը շնորհաւորէ, պիտի մաղթէի որ ամէն մէկը միւսին նայէր կա՛մ իբրեւ աշակերտի, կա՛մ իբրեւ վարպետի եւ կամ իբրեւ աշակերտակիցի վրայ:

Ի սէր ժողովուրդին եւ ի սէր այն բարիքին զոր գիտեմ թէ ամէնքս կը կամենանք անոր բայց այսպէս չենք կրնար մատուցանել, ա՛յս պիտի մաղթէի…:

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին