Երեքշաբթի, 10. 03. 2026

spot_img

Արայիկ Յարութիւնեան Ընտրուեցաւ Արցախի Հանրապետութեան

Արայիկ Յարութիւնեան ընտրուեցաւ Արցախի Հանրապետութեան

Նախագահ ըստ նախնական արդիւնքներուն, ան ստացած է ընտրողներուն աւելի քան 87 տոկոսին ձայները:

Արդարեւ երէկ, Արցախի նախագահական ընտրութիւններու երկրորդ փուլի քուէարկութեան օրն էր: Արցախի Հանրապետութեան մէջ ընտրութիւններուն մասնակցելու իրաւունք ունի 103 հազար 637 քաղաքացի:

Ըստ «Արցախփրես»-ի՝  ԱՀ Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի նախագահ Սրբուհի Արզումանեան ներկայացնելով ընթացիկ վիճակը ըսած է, որ, ընդհանուր առմամբ, ձեւաւորուած են 282 ընտրատեղամասեր: Առաւօտեան ժամը 8:00-ին բացուած են 281 տեղամասերը:

Նշենք, որ Մարտ 31-ին տեղի ունեցած համապետական ընտրութիւններու արդիւնքով նախագահի թեկնածուներէն եւ ոչ մէկը յաղթահարած էր բոլոր թեկնածուներուն կողմ քուէարկած ձայներու կէսէն աւելին։ Այդ պատճառով երկրորդ փուլի անցան առաւելագոյն ձայներ հաւաքած նախագահի երկու թեկնածուներ Արայիկ Յարութիւնեան (49.26%) եւ Մասիս Մայիլեան (26.4%)։

Յիշեցնենք, որ Մարտ 31-ին կայացած նախագահական ընտրութիւններուն Արցախի նախագահի 4-րդ պաշտօնը ստանձնելու համար յայտ ներկայացուցած էին 14 նախագահի թեկնածուներ:

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին