Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

Տեսանկիւն. Տունը Փակուած Մեր Ընթերցողներուն. Ես Կը Հաւատամ Որ Կեանքը Դարձեալ Ընթացք Պիտի Առնէ

Ես կը հաւատամ, որ շուտով պիտի ըսենք, թէ վարակ մը անցաւ այստեղէն եւ աւելի եւս ուրախ օրեր դարձեալ պիտի գան:

Գաւաթ մը սուրճը, որ սրճարանին մէջ մեր սիրելիներուն հետ կը խմէինք աւելի եւս անոյշ պիտի բուրէ եւ յատուկ համ մը պիտի ունենայ:

Մայրամուտի պահը աւելի եւս տեսարժան պիտի ըլլայ երբ բոլորս զինք դիտելու պիտի ժամադրուինք նորէն:

Պտուղներու բուրմունքը աւելի եւս պիտի գրաւէ մեզի: Մարդիկ դարձեալ պիտի ուտեն ինչ ցանած են. հողին արտադրածը աւելի առողջ է, որովհետեւ մարդկութիւնը ձանձրացած է իր համար տուփերու մէջ դրուած պահածոյ սնունդէ, մշակոյթէ եւ ատելութենէ…:

Պիտի յաղթենք նորէն: Տօներ դարձեալ պիտի գան եւ ճաշասեղաններուն շուրջ կենացներ պիտի խմենք: Աղօթատեղիները պիտի լեցուին հաւատացեալներով, որոնք իրենց տարբերութիւններուն հանդէպ աւելի հանդուրժող պիտի ըլլան:

Բոլոր յետաձգուած հարսանիքները աննախընթաց կերպով պիտի կայանան իսկ բնութեան մէջ մեր հաւաքոյթները՝ լուսինը դարձեալ պիտի լուսաւորէ ու ջերմացնէ:

Բոլոր ձայները կեանքը սիրող երգեր պիտի երգեն: Անոնք, որոնք իրարմէ սրտնեղած էին, դարձեալ քով-քովի պիտի գան: Իսկ բոլոր անոնք, որոնք գաղթած էին կամ մղուած էին գաղթելու՝ պիտի վերադառնան:

Կեանքը, որ կարծէք պահ մը կանգ առած է այսօր, պիտի դարձեալ ընթացք առնէ:

Անպայման պիտի ընթացք առնէ:

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին