Տեղեկատութեան Նախարարուհին գոհունակութիւն յայտնեց իր պատկանած կառավարութեան քորոնա ժահրին վերաբերող կատարած իրագործումներուն համար, որ վարակուողներու թիւը տակաւին հակակշիռի տակ կը յաջողի պահել:
Առողջապահութեան նախարարը իր կողմէն երէկ յայտարարեց ,որ Լիբանան ունեցած է նոր կորուստ մը, քորոնա ժահրէն մահացածներու թիւը բարձրացնելով 21ի մինչ նշեալ ժահրով վարակուածներու ընդհանուր թիւը հասաւ 641ի երբ 9 նոր վարակուողներ գրանցուեցան երէկ:






