Երկուշաբթի, 09. 06. 2025

spot_img

Արամ Ա. Կաթողիկոս Կը Շնորհաւորէ Տիար Արայիկ Յարութիւնեանի Ընտրութիւնը Իբրեւ Նախագահ Արցախի Հանրապետութեան

Այս առաւօտ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Արցախի Հանրապետութեան նորընտիր վսեմաշուք նախագահ տիար Արայիկ Յարութիւնեանին ուղղած նամակով մը շնորհաւորեց անոր ընտրութիւնը։

Իր նամակին մէջ Հայրապետը յատկապէս ըսաւ. «Արցախի հանրապետութեան ամրացումը, հայոց բանակի հզօրացումը եւ տնտեսութեան զարգացումը մեր Սուրբ Աթոռին համար միշտ եղած են առաջնահերթ յանձնառութիւն։ Անցնող տարիներու ընթացքին, մեր յանձնառութիւնը գործի վերածող ծրագիրներ մշակած ենք, թէ՛ Կաթողիկոսարանը ուղղակիօրէն, եւ թէ իր թեմերուն ճամբով։ Կը վստահեցնենք Ձեզ, որ նոյն ոգիով պիտի շարունակենք գործնապէս մասնակից դառնալ Արցախի առաւել հզօրացման աշխատանքներուն»։

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին