Կիրակի, 27. 07. 2025

spot_img

Շիթ Մը Արցունք

Կաթիլ մը արցունք, որ իր մէջ կը բովանդակէ անբացատրելի խառնուրդ մը զգացումներու:

Հաւանաբար ամէնքս ուրախութեան ու տխրութեան արցունքներ թափած ենք մեր կեանքի զանազան հանգրուաններուն, սակայն… Հայրապետական արցունքը տարբեր է:

Ինծի նման հաւանաբար դուն եւս, յարգելի ընթերցող, նշմարեցիր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութենէն ուղիղ սփռուած Ս. Զատկուան Պատարագի աւարտին, Ս. Աթոռոյս ազգընտիր Հայրապետին յուզումնալից աչքերը, եւ անոնց մէջ սեղմ պարունակուած Հայրապետական արցունքը: Յիսուս Քրիստոսի Յարութեամբ մահուան վրայ տարուած յաղթանակին առթած ուրախութեան արցունքը ըլլար երանի, սակայն… ոչ ոք կրնայ հասկնալ ամբողջ ժողովուրդին հայրութիւն ընող Հայրապետին արցունքները, քան իր մտահոգութիւններուն ծանօթ զաւակ մը:

Հայրապետական յուզումնալից արցունքները պահ մը զիս պատմութեան էջերուն տանելով, ծերունազարդ Երանաշնորհ Սահակ Բ Խապայեան Կաթողիկոսի օրերը յիշեցուցին, երբ յուզումնալից տողերով կը նկարագրուէր ժողովուրդին տարագիր օրերը եւ Հայրապետական մտահոգութիւնները հանդէպ իր հօտին ու զաւակներուն:

Պատարագի աւարտին երբ Հայրապետին աչքերը կը պտտէին Մայր Տաճարի դատարկ նստարաններուն վրայ, վստահ եմ, որ Հայոց Հայրապետը յիշեց Անթիլիասի Մայր տաճարին մէջ խուռներամ բազմութեան «Օրհնեալ է Յարութիւնն Քրիստոսի» բարձրաձայն աղաղակը, երբ հաւատացեալներ ակնածանքով կը սպասէին Հայրապետական օրհնութիւնները Զատկուան տօնին առիթով:

Տարբեր է 2020 տարուան Զատիկը: Տարբեր է նաեւ առանց հաւատացեալներու մրմունջին երգել ու կարդալ աղօթքները: Հաւատացեալներուն բացակայութիւնը զգալի էր Վեհափառ Հայրապետին աչքերէն, եւ անոր մէջ սեղմ բռնուած արցունքի կաթիլներէն, ու թեթեւ հեծեծանքէն: Ժպտադէմ Հայրապետին դէմքը բաւական ժամանակէ ի վեր չէինք տեսած՝  ներկայ պայմաններուն բերումով իր ունեցած համազգային մտահոգութիւններուն պատճառով բնականաբար: Սակայն յուզումնալից դէմքը, յոգնած աչքերը, անքուն անցուցած գիշերները կ’արտացոլային իր դէմքին վրայ, եւ ի վերջոյ, հաւանաբար ինծի նման դուն եւս յուզուեցար Հայրապետական արցունքէն ո՜վ սիրելի ընթերցող: Վայրկեան մը մտահոգուեցայ, յուզուեցայ եւ տխրութիւն մը պատեց զիս, տեսնելով որ Վեհափառ Հայրապետը՝ յուզուած է իր ժողովուրդին, իր հօտին եւ եկեղեցւոյ համար:

Անկրկնելի ու եզակի զգացում մըն է այս հաւանաբար: Աղօթակից եղէք մեզի, որպէսզի Հայոց Հայրապետին եւ Հովուապետին աչքերը երբեք տրտմութեան արցունքներով չլեցուին, եւ ընդմիշտ երջանկութեան շիթեր հոսին անկէ:

«Երկար կեանք տուր Հայրապետին, երկար օրեր Հայոց հօր» մաղթերգի բառերով առողջութիւն եւ երկար գահակալութիւն կը մաղթենք Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետին, շնորհաւորելով քրիստոսի յաղթական եւ կենսատու Յարութիւնը ըսելով՝ Քրիստոս Յարեաւ ի մեռելոց:

ՊՕՂՈՍ ՎՐԴ. ԹԻՆՔՃԵԱՆ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւն

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին