Սոյն գրութիւնը մեծ խմբագրապետը գրած է թուականէս 80 տարիներ առաջ:
Գրութեան պատմական ժամանակաշրջանը կը զուգադիպի երկրորդ աշխարհամարտի ամենաթէժ օրերուն եւ իր ապրած շրջանակին մէջ կարգ մը բարքերուն փոփոխութեան:
Խմբագրապետը կ՛ապրի հոգեկան յուզումներու պահեր յիշելով անցեալի լաւ եւ ուրախ օրերը եւ անմեղ բարքերը:
Նոյնանման օրեր եւ յոյզեր կ՛ապրինք այսօր: այս պատճառով ալ սոյն գրութիւնը, որ յաւէտ այժմէական է, կը դնենք մեր ընթերցողներուն տրամադրութեան տակ:
«Խմբ.»
«Առաջնորդող» յօդուած մը թո՛ղ չըլլայ այս յօդուածը: Եւ կամ, ան թո՛ղ առաջնորդէ ընթերցողը դէպի ետ, դէպի իր ծննդավայրին Զատկուան շաբաթը, որ անտարակոյս աւելի քաղցր էր քան ներկայինը ու այստեղինը: Իսկ այն ընթերցողները որոնց ծննդավայրը դուրսն է կամ որոնք շատ պզտիկ բաժնուած կամ խլուած ըլլալով հայրենիքէն՝ ուրիշ Զատիկ չեն ճանչնար բայց եթէ հոս մեր ժամերուն մէջ դիմաւորուածը, անոնք ալ թո՛ղ միանան մեր կարաւանին՝ երեւակայութեամբ մասնակցելու համար իրենց մեծերը մեծցուցած, զանոնք սնուցած եւ զօրացուցած հոգիի սեղանին, եւ այս առթիւ՝ թերեւս սնունդի փշրանք մը – եթէ մնացած է – ստանալու համար անոնց ձեռքէն կամ վրայէն:
Տեղը կը տարբերէր բայց հոգին նոյնն էր – գիտեմ, – որ մեր եկեղեցիներուն, վարժարաններուն ու տուներուն մէջ կ’իջնէր Աւագ Շաբթուան սկիզբը, Ծաղկազարդէն սկսեալ, Հայաստան Աշխարհին մէկ ծայրէն միւսը, Արարատի այս եւ այն կողմը, ինչպէս նաեւ ամէն անկիւնը սուլթաններու եւ ցարերու իշխած երկիրներուն ուր տարածուեր էին հայերը, իրենց հետ տանելով բունծ մը Արարատի փէշերէն եւ այդ բունծին վրայ տնկուած Ժամուն շուրջը աճելով ու բազմանալով:
Գիւղ ըլլար թէ քաղաք, քաղաքն ալ Կարին թէ Պոլիս, Զատիկը որ հոն կու գար՝ կը բերէր իրեն հետ դարերու մէջէն անցած եւ դարերով օծուած ու ճոխացած Քրիստոսի կեանք մը, մա՛հ մը եւ յարութիւն մը մանաւանդ, որոնք դարեր շարունակ մեր լեզուով ողբացուելով եւ փառաբանուելով՝ մեր աչքին թէ՛ հայացուցեր եւ թէ՛ ընտանեցուցեր էին այդ Քրիստոսը, զայն ըրեր էին մեր մեծ ընտանիքին սրբագոյն նախահայրը կարծէք…:
Ամէն բան կ’օգնէր՝ մեզի տալու այս մեծ սուգի եւ մեծ հրճուանքի յաջորդութեան յուզումը՝ Աւագ Շաբթուան ընթացքին:
Մեծ Պահքի եօթը երկար շաբաթներուն վերջինը՝ ան կը ծանուցանէր Զատկի առաւօտն ու իր սեղանը: Տղայոց՝ արձակուրդի սկիզբ եւ նոր զգեստի գնում: Տունին՝ մաքրութիւն, որմէ յետոյ տանտիկինը եւ իր օգնականները պիտի պատրաստէին Զատկի ուտելիքները՝ կարմիր հաւկիթն ու չէօրէկը, վերջէն նաեւ կաթնապուրն ու գառնուկի խորովածը:
Ծաղկազարդի բացումէն ետք մինչեւ Աւագ Հինգշաբթի՝ տեսակ մը հեւքոտ սպասում էր: Հինգշաբթին լեցուն, յագեցնող օր մը կ’ըլլար իր հինգ ժամերգութիւններով՝ որոնց ամէնուն ալ ներկայ գտնուելու համար կ’ըսուէր թէ կային առտուընէ մինչեւ գիշեր՝ օրը եկեղեցիին մէջ անցընող տարեց կիներ: Ոտնալուայի եւ Խաւարումի արարողութիւնները սրբազան թատրերգութեան մը երկու միջին արարուածներն ըլլալ կը թուէին (այնքան ճոխ եւ գրաւիչ էին անոնք իբրեւ պատկեր), իր առաջին արարուածը Դռնբացէքն ու վերջինները՝ Թաղումը, Խթումն ու բուն Զատիկն ըլլալով…:
Եւ իրօք, Աւագ Ուրբաթը որ կը լուսնար Լացի Գիշերուան վրայ, կու գար՝ եկեղեցւոյ խորանը ծածկող իր սեւ վարագոյրով եւ «թաղում»ով, իր թաղման թափօրով որ ծաղկի եւ խունկի բուրումներով կը լեցնէր մթնոլորտը եկեղեցւոյ բակին – նախապէս՝ շրջակայ փողոցներուն ալ՝ ուրկէ կը դառնար թափօրը – կու գար կարծէք տղոց համար մասնաւորապէս:
Ի՞նչ ունի Զատկի Խթումը որ զայն տարբեր կ’ընէ Ծնունդի Խթումէն, հակառակ որ նոյնն են կարդացուած «գիրք»երը եւ նոյնն է երեկոյեան պատարագը որուն կէսին, վարագոյրը կը բացուի յանկարծ եւ լոյսերու մէջ կը շողայ Սեղանը: Սա՛ – հաւանօրէն – որ ան կը զետեղուի Մահուան եւ Յարութեան մէջտեղը, որ հոն կ’աւետուի արդէն Յարութիւնը, եւ կարմիր հաւկիթները այդ իրիկուընէ պիտի սկսին զարնուիլ իրարու, իրարու գլուխ ուտել եւ ուտուիլ ալ…:
Ամբողջ Աւագ Շաբաթը, այսպէս, շաբաթ մըն է՝ որ տղոց կանանց, ծերերու ինչպէս եւ չափահաս այրերէ շատերուն (գիւղերու մէջ մանաւանդ) հոգին ու միտքը, աչքը, ականջն ու ռնգունքը կը լեցնէ ամբողջովին, տղոց մէջ աւանդութեան ջահը կը վառէ արուեստին բացով եւ միւսներուն մէջ՝ կեանքին դառնութեանը քով քաղցրութիւն, կարծրութեանը քով կակղութիւն կը ծորէ բաւական՝ որպէսզի իրարու հանդուրժելի եւ Աստուծոյ հաճելի ըլլան քիչ մը, որքան որ ընդունակ են ըլլալու…:
Եւ չմոռնանք, երբ մեր հին եկեղեցիները կը յիշենք, յիշելու [ենք] նաեւ մեր քահանայ եւ վարդապետ կամ եպիսկոպոս հայրերը իրենց դէմքերով ու անուններով, որոնք Աւագ Շաբթուան մէջ ու Զատկի երեք օրերը աւելի կը մեծնային, իրենց կարեւորութիւնը աւելի կը շեշտուէր՝ կարծէք: Քարոզիչ Հ. Սուրբը կամ Սրբազանը մանաւանդ, աւելի քաղցրախօս ու աւելի պերճախօս չէ՞ր դառնար այդ օրերուն՝ ինչպէս հիմա ալ կ’ըլլան կամ պէտք է ըլլան անոնք, ու՛ր որ ալ գտնուին, եթէ եկեղեցական օծութեան ու ներշնչումը դոյզն շնորհը ունին:
Ես որ մեր թաղին մէջ Խրիմեանի, Ալէաթճեանի եւ Իզմիրլեանի հովանաւորած, անոնց քարոզած Աւագ Շաբաթներովն ու Զատիկներովն եմ մեծցած, քիչ կը մնայ որ պակասաւոր համարեմ այն հայերը՝ որ սկիւտարցի չեն…:
Ու կը մաղթեմ, սրտովին կը մաղթեմ Գահիրէի եւ Աղեքսանդրիոյ հայ պզտիկ մանչերուն եւ աղջիկներուն՝ որպէսզի Հոգին Սուրբի շնորհը իրենց մէջ լրացնէ՝ ինչ որ պակաս ունին եւ պակաս կու տան մեր այստեղի Աւագ Շաբաթն ու Զատիկը:
ՎԱՀԱՆ ԹԷՔԵԱՆ
«Արեւ», 22 Մարտ 1940