Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

ՎԱՂԸՆ

«Նոր գտնուած սէրս այս բաշխել ու տալ բոլորին կարծես թէ նոր եմ սիրած» (Ա. Թէրզեան): Դպրոցական օրերէս սիրած եմ այս տողը: Ունենալ եւ տա՜լ. Բաշխել. Ի՜նչ գոհունակութիւն, սրտի անդորրութիւն կ՛ունենայ մարդ: Բնականաբար տալու համար պէտք առած ըլլալ. պէտք է ունենաս: Իբրեւ ընկերային արարած, իբրեւ ճամբորդ այս անցաւոր աշխարհի: Հարցին մէջ երախտագիտութեան բաժին կայ անտարակոյս, բայց յաճախ կը զլանանք գուցէ անոր համար որ մենք մեզ արդէն արժանի կը համարենք  ու գուցէ աւելիին ալ: Մարդկային տկարութիւններէն մէկն ալ այս է: Հազարաւոր դարերու արգասիքը կը վայելենք, սակայն կարծես թէ բնական օդն է որ կը  շնչենք, մինչդեռ ամէն քայլափոխի եթէ խորքին նայինք, պիտի գիտակցինք թէ հասած ենք ապրելակերպի մակարդակի մը՝ նախանձելի: Առնենք միայն անիւի գիւտը, անոր պատմականը, թէ ինչպէս զարգանալով հասանք այս օրերու անիւին: Օդանաւը, նաւը, կանխարգելիչ բուժական սրսկումները ու հազար հազար գիւտեր: Այս ամէնուն տեղեակ ըլլալու համար բաւական է դիմել գիրքերու, որոնք գրադարաններու մէջ ընթերցողներու կը սպասեն: Որոնք կիւթենպէրկեան գիւտով հեշտացած են եւ աշխարհասփիւռ դարձած՝ նաեւ շնորհիւ թարգմանական արուեստի, որով փոքր տարածութեան մէջ կրնաս պարփակել համաշխարհային գրականութենէն նշխարներ, զանազան մարզի՝ Փիլիսոփայական, բժշկական, կրօնական, գրական եւ այլ գիրքեր:

Գիրքերը ափիդ մէջ կը զետեղեն աշխարհ մը ամբողջ Արեւելքէն Արեւմուտք եւ Հիւսիսէն Հարաւ, երկրէն Երկի՛նք աստղերու ճամբան ու վար բերելու տեղեկութիւններ: Մինչ ունինք արդէն աշխարհը շրջան ընող տեղեկութիւններ ե՛ւ պատմական անցեալով եւ ներկայով ապրուող: Սակայն հեշտ ընթացք մը չէ որ կատարուած է ու կը կատարուի մինչեւ բարւոք լուծում մը, իսկ փորձարկութեան ընթացքին՝ այլեւ ինչ-ինչ այլեւայլ խոչընդոտներ պէտք է դիմագրաւել ոչ ոք կարող չէ նախատեսել նոյնիսկ ու կը հանդիպի պատուհաս՝ որմէ կարելի չէ խուսափիլ գէթ ժամանակի մը համար երբեմն: Երբեմն կեանքի գինով որ յատուկ է «կամաւորներ»ու՝ այս պարագային գիտական մարզի: Հուսկ՝ պատուհասներ ու բարիքներ կ՛ընթանան կողք-կողքի, զուգահեռ: Այդպէս եղած է ու կը շարունակուի ու դեռ վերջը չէ այնքան ատեն որ մարդ արարածը ունի պրպտող ու հետաքրքրուող միտք եւ մանաւանդ՝ ցանկութիւն ունենալու, աւելի ունենալու եւ ցանկութեան սահմանը անսահման է. Կայ պայքարը ի ծնէ, որ կեանք կը կոչուի ու կը շնչէ հակառակ ժամանակաւոր ետ-քայլերու որոնք աննշան կը թուին մանաւանդ յետ յաղթահարման:

Հաշուեյարդար. Այս է որ կայ: Կ՛ընթանայ կեանքը Վերուստ օրէնքի մը հլու: Կ՛ապրինք, կեանք կու տանք ու կ՛անցնինք: Առաւօտը կը ծագի:

Կը սկսի ՎԱՂԸՆ:

Սարգիս Փոշօղլեան

«Զարթօնք»ի Երէց Աշխատակից

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին