«Աշխարհի վրայ նեղութիւն պիտի ունենաք, բայց քաջալերուեցէ՛ք‚ որովհետեւ ես յաղթեցի
աշխարհին»:
Յովհն. 16։33
Թէեւ արտասովոր պայմաններու մէջ կը դիմաւորենք Ս. Յարութեան տօնը, այլ սակայն Լիբանանահայ մեր ժողովուրդի զաւակներուն զատկական աւետիսը փոխանցելու եւ տագնապող հոգիներուն խաղաղութիւն բերելու բաղձանքով, կու գամ Յովհաննու Աւետարանի բառերով ըսել.
– «…Քաջալերուեցէք, որովհետեւ մեր Տէրը յաղթեց աշխարհին»։
Սակայն, ինչպէ՞ս եւ ինչո՞վ քաջալերուիլ։ Այսօր, Քրիստոսի հրաշափառ տօնին առիթով, ամայի են մեր եկեղեցիները, մեր շուրջ ամայացած են երբեմնի բանուկ ճամբաներն ու փողոցները ու կարծէք ամբողջութեամբ դատարկուած են մարդ-կային եռուզեռով յորդող աւաններն ու քաղաքները։
Աշխարհի մէջ նեղութեանց պիտի հանդիպիք կ՛ըսէ մեր Տէրը. եւ ահաւասիկ, խելայեղ արագութեամբ ընթացող մեր առօրեային մէջ, յանկարծ մեր կեանքին անիւը անսպասելիօրէն խրեցաւ անորոշութեան տիղմին մէջ ու ամէն բան կանգ առաւ մեր շուրջ։
Անթափանցելի խորհուրդներով լեցուն է մեր կեանքը. եւ որքա՜ն դիւրաբեկ է մեր աշխարհը։ Որքա՜ն անապահով են գիտութեան նուաճումներու եւ քաղաքակրթութեան բարձրակէտին հասած մեր միջավայրին պայմանները, որքա՜ն խոցելի է տակաւին մարդկութիւնը ու որքա՜ն խախուտ են մինչեւ երէկ վստահութեան գրաւական համարուող մեր աշխարհի կարգերը։։
Սիրելի հայրենակիցներ,
Ոեւէ ժամանակէ աւելի, այսօր կարիքը ունինք քաջալերանքի ու մխիթարու-թեան։ Այս օրերու մշուշապատ պայմաններուն մէջ, երբ առաւելաբար ամէն մարդ կլանուած է իր անձով ու իր ապրուստին հոգերով, յարուցեալ Քրիստոս դարձեալ կը յայտնուի մեր կեանքէն ներս, որպէսզի իր ներկայութեամբ փարատէ մեր ապրած անստուգութիւններն ու անորոշութիւնը եւ մեզ տանի դէպի յաղթական յարութեան կեանք։ Սակայն այդ կեանքին հասնելու համար, անհրա-ժեշտ է ունենալ այնպիսի հաւատք, որ աւետարանի հասկացողութեամբ կրնայ լեռները շարժել. հաւատք, որ կրնայ կեանքին բեռը վստահութեամբ Աստուծոյ գերագոյն ուժին փոխանցել։
Հետեւաբար, զատկական տօնին առիթով, նորոգուած յոյսով քաջալերուինք եւ յիշենք, որ քրիստոնէութիւնը նեղութեանց, տառապանքին ու յուսահատութեան դէմ յաղթանակ տանելու կրօնքն է։ Քաջալերուինք, որպէսզի, ճանչնանք Աստու-ծոյ կամքը ու մեր գոյութիւնը վերածենք յաղթանակի։ Քրիստոնէութիւնը, մի-այն քարոզ ու աւետարանի պատմութիւն չէ, այլ Աստուծոյ պարգեւած սրբու-թիւններուն միջոցաւ կերտուելիք կեանքի ձեւ, որ եթէ ապրուի հաւատարմու-թեամբ, Յիսուս Քրիստոսով կը դառնայ յաղթական կեանք՝ նոյնիսկ Գողգոթա-յէն ու խաչէն անդին երկարող անմահ կեանք։
«Այսուհետեւ ձեր ուշադրութիւնը երկինք դարձուցէք» կ՛ըսէ Պօղոս առաքեալ Կղս. 3:1-2, որովհետեւ աշխարհի արժէքները խաբուսիկ են ու ժամանակաւոր։
Զատիկ է դարձեալ մեր աշխարհէն ներս։ Թող սթափին աշխարհի հարցերով ծան-րաբեռնուած սրտերը, որպէսզի մեր նմաններուն մէջ տեսնենք Աստուծոյ պատ-կերը եւ ուրիշներուն կարիքներուն մէջ գտնենք աշխարհէն ներս մեր ունեցած պարտականութիւններուն բաժինը։ Եւ յիշենք, որ տագնապի մէջ միայն Աստու-ծոյ ներկայութիւնը կրնայ խաղաղեցնել մեզ։
Մարդկային մեր կեանքը միշտ ալ լեցուն է տագնապներով, բայց այդ տագնապ-ներուն մէջ մենք պէտք չէ հեռանանք Աւետարանի ճշմարտութիւններէն ու աշ-խարհի մէջ պէտք չէ կորսնցնենք մեր Տէրը։ Բաւարար չէ տաղաւարէ տաղաւար ու հարսանիքէ հարսանիք Եկեղեցի երթալը։ Քրիստոնեային կեանքը, քրիստոսով փոխանցուած արժէքներու պաշտպանութեան համար շարունակաբար մղուող պատերազմ է, որուն մէջ իւրաքանչիւրս ունինք մեր պարտականութեան բաժի-նը։
Ուստի սթափինք եւ զգանք, որ կեանքին հանդէպ մեր արձանագրած շեղումները չեն կրնար անհետեւանք մնալ։ Ժամանակն է անդրադառնալու, որ մեզ շրջա-պատող հաճոյքները, ժամանցի եւ անխոհեմ զուարճութեան վիճակները, ընչա-քաղցութեան անվերջ տենչն ու ախորժակները չեն կրնար առանց հետեւանքի մնալ։ Յատկապէս այս օրերու պայմաններուն մէջ, սթափինք ու գիտակցինք որ ֆիզիքական ապահովութեան կողքին, անհրաժեշտ է նաեւ պայքարիլ մեր հոգի-ին համար եւ զայն պաշտպանել բոլոր տեսակի երեւելի ու աներեւոյթ վտանգնե-րէն ու միաժամանակ՝ պայքարիլ մեր ազգային արժէքներու պահպանութեան համար, որպէսզի նաեւ բարոյական սնանկութիւն չստեղծուի մեր կեանքէն ներս։
Հետեւաբար, մէկդի վանենք մեր մոլութիւնները ու իբրեւ Աստուծոյ սիրոյն ու ողորմածութեան արժանացած հաւաքականութիւն, մէկս միւսին աջակից եւ զօ-րակից մնալով, հասնինք մեր ժողովուրդի ծով կարիքներուն ու քրիստոնէական հաւատքի ներգործութեամբ, յաղթական շունչ տարածենք մեր շրջապատէն ներս։
Ս. Յարութեան տօնին առիթով, սրտանց կ՛ողջունեմ Թեմիս հոգեւորականաց դասը, ժողովականութիւնը, մեր եկեղեցիներու, վարժարաններու, համայնական մեր կեանքէն ներս գործող կառոյցներու ու մարմիններու պատասխանատու-ները ու մեր սիրեցեալ ժողովուրդի բոլոր զաւակները, բարձրօրէն գնահատելով Լիբանանահայ մեր կեանքի յարատեւութեան համար բոլորին կողմէ թափուած անթիւ ու անհատնում ճիգերը։
Կ՛աղօթենք, որ Տեառն մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի Ս. Յարութեան տօնը դարձեալ պայծառակերպէ մեր կեանքը եւ մեզ առաջնորդէ յարութեան յոյսին։
Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց։ Ձեզ եւ մեզ մեծ աւետիս
Սիրոյ ջերմ ողջունիւ եւ աղօթարար՝
Շահէ Եպս. Փանոսեան
Կաթողիկոսական Փոխանորդ