Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

Վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանի Ս. Զատկուայ Պատգամը. Յարութեան Շնորհքը

  «Ինչո՞ւ համար ողջը մեռելներուն հետ կը փնտռէք.

 հոս չէ Ան, հապա յարութիւն առած է

  Ղուկ. 24. 5-6

 

 

Աշխարհը մահուան ահազանգ կը հնչեցնէ այսօր, մինչ մենք՝ Քրիստոնեաներս դարձեալ կը հասնինք տօնելու կեանքը:  Կեանք, որ մահէն ալ անդին կը նայի:

Մահուան ահազանգը իրական է. մահը իրական:  Համաճարակի վտանգը եւ անով մահանալու վախը ամէն բան խառնեցին:  Անոնց ազդեցութեան տակ՝ կարգ կանոն չմնաց որ չխանգարուի. նոյնացան հարուստ-աղքատ, ուսեալ-անուս, իշխանաւոր-պարզ քաղաքացի, այր-կին, ծեր-երիտասարդ…:  Ինչ որ կը խորհէինք թէ լաւապէս յօրինուած եւ հաստատուած դրոյթ էր, յանկարծ՝ անկարող դուրս եկաւ ստեղծուած նոր վիճակի մը դէմ, զոր կոչեցին «Քովիտ – 19»-ի ժամանակ:

Խառնաշփոթը իրական է, սակայն ոմանք տակաւին կը յամառին իրենց հին ձեւերուն մէջ շարունակել իրենց ընթացքները. այս կացութեան մէջ իսկ յաւելեալ անարդար շահու ետեւէ են. կը շարունակեն ամբաստանել իրենց քաղաքական հակառակորդները. կ’այպանեն իրենցմէ զատ ոեւէ մէկը՝ կացութիւններու որպէս պատճառ կամ պատասխանատու. կը յերիւրեն սուտեր եւ կը հրահրեն հաւաքականութիւններ՝ իրենք-զիրենք հաստատելու նպատակով:  Ուրիշներ, կեղծ կամ՝ ինչու չէ նաեւ անկեղծ «բարեսիրութեան» առիթ գտած, կ’աշխատին անուն եւ վարկ շահիլ՝ քաղաքական ապագայ ընտրութիւններու պատրաստ ըլլալու համար, կամ՝ նուիրեալ ծառայութիւններով՝ իրապէս կը փորձեն թեթեւցնել մարդոց ծանր վիճակները:

Մահը իրական է. մահուան ահազանգը իրական. սակայն, չէ՞ որ մահը նաեւ բնական է:  Ինչո՞ւ վախնալ բնական մահէն, առիթ եւ ասպարէզ տալով չարաշահողներուն որ աւելիով կեղեքեն իրենց նմանները այս վիճակներուն մէջ:  Ինչո՞ւ վախնալ այնքան՝ որ մեր կեանքէն կորսուի, կորզուի հաւասարակշռութիւնը մեր ընթացքին:

Մահը բնական է, այո, սակայն կեանքը եւս բնական է:  Բնական այս կեանքը, զոր կը փափաքինք եւ կը փորձենք իրական դարձնել մեր ապրելու ժամանակին մէջ, իր լաւագոյն վիճակին մէջ անգամ՝ փխրուն է, դիւրաբեկ է եւ անկայուն. գիտե՛նք:  Գիտենք թէ կարելի է որ շուտով կորսնցնենք զայն. այս գիտակցութիւնը աւելի եւս տիրական կը դառնայ երբ կը կորսնցնենք մեր կեանքը ապահով պահելու միջոցները եւ կարողութիւնը:  Բնական կեանքը կորսնցնելու վախով՝ կը խանգարուի մեր խաղաղութիւնը, կը կորսուի մեր ուրախութիւնը եւ կը չքանայ մեր յոյսը:  Բնական կեանքը անզօր է բնական մահուան դիմաց. վերջին յաղթողը միշտ մահն է, ըստ մեր տեսածին:

Մեր տրամաբանութիւնը կը թելադրէ մեզի որ ընդունինք մահը որպէս վերջնական իրականութիւն եւ հաշտուինք անոր հետ:  Տէր Յիսուս Քրիստոսի աշակերտներուն եւ անոնց ընկերացող կիներուն համար ալ այդպէս էր. այս վերջինները, Յիսուսի մահը ընդունած ըլլալով՝ մոռցած էին թէ Ան յայտնած էր Իր աշակերտներուն թէ Ինք յարութիւն պիտի առնէ երրորդ օրը:  «Իշխանութիւն ունիմ զայն (կեանքը) դնելու եւ իշխանութիւն ունիմ զայն նորէն առնելու. այս պատուէրը Հօրմէս առի», ըսած էր անոնց (Յովհ. 10. 18):  «Քանզի զիս ղրկողին կամքը այս է, որ Այն ամէնը որ կը տեսնեն Որդին եւ կը հաւատան Անոր, յաւիտենական կեանք ունենան, ես ալ անոնց յարութիւն առնել պիտի տամ վերջին օրը», սորվեցուցած էր անոնց (Յովհ. 6. 40):  Ասոնք մոռցած՝ կիները կ’երթային Տէր Յիսուսի գերեզմանը, Անոր մահուան հետ հաշտուած, Անոր մահուան «մարմինը» օծելու:

 

Կեանքն ու մահը բնական սեպելով՝ մենք զանոնք կը խառնենք իրար. մինչդեռ՝ կեանքը բնականէն անդին իրականութիւն մը ունի, զոր կրնանք տեսնել միայն Յիսուս Քրիստոսի անձին մէջ:  «Ողջ»-ը կը փնտռենք «մեռելներուն հետ». մինչդեռ՝ հոն չէ Ան:  Ան Իր Անձով պարտութեան մատնեց մահը, անոր ամբողջ զօրութիւնով, որպէսզի մենք կեանքի յոյսը, կեանքի յաղթանակին «անսահման» իրականութիւնը չպակսեցնենք մեր «բնական» կեանքէն, զայն դարձնելով մահուան պատմութիւն:

 

Մահն չէր կարող բռնել Յիսուս Փրկիչն իմ,

Կոտրեց անոր նիքերն, Յիսուս Տէրն իմ:

 

Տէր Յիսուս Իր հրաշափառ յարութիւնով մեզի կը շնորհէ յաւիտենական կեանքի որակ՝ մեր այսօրուայ կեանքին մէջ:  Անոր յարութեան զօրութիւնը ձրի պարգեւ է մեզի, որպէս երաշխիքը այն ձրի փրկութեան, զոր պատրաստեց Իրեն հաւատացողներուն, մեծ գին վճարելով Իր Անձով՝ խաչին վրայ:  Ուրեմն, մահուան պատմութիւն չգրենք՝ «բնական»-ին մէջ սահմանափակելով մեր կեանքը մահուան դիմաց. «Ողջ»-ը մեռելներուն մէջ չփնտռենք, այլ՝ ընդունելով Անոր յարութեան շնորհքը, Անոր յարուցեալ կեանքին զօրութեան նայինք, «բնական» կեանքէն եւ մահէն ալ անդին:

 

ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ

ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՐՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ

 

                                                                                           Վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեան

                                                                                        Նախագահ,  Մերձաւոր Արեւելքի

                                                                           Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին