Երկուշաբթի, 09. 06. 2025

spot_img

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքի Նորարար Մշակոյթի Ծրագիրը

Փետրուար 2020-ին, Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքը մեկնարկեց «Նորարար Մշակոյթի Ծրագիր»ը, որ ուղղուած է լիբանանահայ ա՛յն երիտասարդներուն, որոնք կը փափաքին արեւմտահայերէնով ստեղծագործել եւ նորարար ծրագիրներ իրագործել:

«Նորարար Մշակոյթի Ծրագիր»-ը Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Լիբանանին վերաբերող ռազմավարութեան հինգ հիմնասիւներէն մէկը ըլլալով, անոր հիմնական նպատակն է արեւմտահայերէնով յղացուած նորաշունչ նախաձեռնութիւնները խթանել:

Այս նպաստի ծրագիրը կը միտի սփիւռքեան իրականութեան եւ հայկական մշակութային կեանքին մէջ տարբեր ձեւաչափերով ներդրում ունենալու՝ չսահմանափակուելով սեղմ կանոններով: Թէպէտ տասնամեակներու ընթացքին մէջտեղ եկած մշակութային տարբեր ձեռնարկներու կարեւորութիւնը անժխտելի է, սակայն միշտ չէ որ ստեղծարար միտք ունեցող երիտասարդը կրցած է եւ այսօր կրնայ նման պայմաններու մէջ առաւելագոյն չափով յայտնաբերել իր կարողականութիւնը եւ ազատ մտածելու հմտութիւնը:

Ուստի, Հիմնարկութիւնը հետաքրքրական մտայղացումներ ունեցող երիտասարդներուն առիթը կ’ընծայէ ծրագիրներ մշակելու, եւ հետեւաբար իրագործելու արեւմտահայերէնը այսօրուան իրականութեան կապող աշխատանքներ:

Հետեւեալ նպաստին կրնան դիմել, Լիբանան ապրող 18-35 տարեկան երիտասարդներ, որոնք կրնան նորարար արտայայտչամիջոցներու գործածութեամբ նախագծել իրենց ժամանակակից եւ բազմաբնոյթ իրականութեան առնչուող ստեղծագործ եւ նորարար ծրագիրներ, որպէս արտայայտչամիջոց ունենալով արեւմտահայերէնը:

Ծրագիրները կրնան ներգրաւել արուեստի տարբեր բնագաւառներ, գաղափարներ, փորձառութիւններ, եւ տարբեր զգացումներ արտայայտելու ստեղծագործական  դրսեւորումներ, հետեւեալ ձեւաչափերուն ընդմէջէն՝

  • Երգ, երաժշտութիւն։
  • Գրականութիւն, (գիրքեր, լսողական գիրքեր, թերթեր, ամսագրեր, կայքէջեր, առցանց ներկայութիւն)։
  • Թատրոն, կատարողական արուեստներ։
  • Տեսողական արուեստներ։
  • Միջգիտակարգային բնագաւառներ, որոնք գոյացած են արդի հաղորդակցութեան ձեւերու շնորհիւ։
  • Տեսերիզներ, եւ այլ արտայայտչամիջոցներ՝ installations, animations, blogs, YouTube channels, podcasts, applications եւ այլն։
  • Ձայնասփիւռի յայտագիրներ եւ այլ հեռարձակումներ (առցանց ծրագիրներ ինչպէս օրինակ՝ Mixcloud, SoundCloud, iTunes…)։
  • Նորարարական եւ ստեղծագործական աշխատանոցներու ծրագիրներ։

Դիմումը արդէն բաց է բոլոր ստեղծագործ եւ նորարար անձերուն. փորձառու արուեստագէտ ըլլալը կամ «կատարեալ» ձեւով հայերէնին տիրապետելը պարտադիր չէ: Դիմելու պայմանաժամը 19 յունիս 2020-ն է:

Յաւելեալ տեղեկութիւններու եւ յստակացումներու համար դիմել Գայիանէ Մածունեանին՝ carmenias@gulbenkian.pt իմակին իբր վերնագիր նշելով՝ «Creative Culture Program – Lebanon»։

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքին ներկայ ինչպէս նաեւ այլ ծրագիրներու մասին կարդալու եւ տեղեկանալու համար այցելել՝ https://gulbenkian.pt/armenian-communities/ կայքէջը։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին