Երկուշաբթի, 16. 06. 2025

spot_img

Խնդրագիր Անոնց Համար

ՎԱՀԱՆ ԹԷՔԷԵԱՆ

 

Յարգելի խմբագրութիւն Զարթօնք Օրաթերթի,

Միքանի օր առաջ, երախտաշատ թերթիդ էջերուն մէջ հանդիպեցայ Ալպիական Մանուշակի սերմնացան Ակսէլ Բակունցին: Ապրեցայ զինք եւ իր ստեղծագործութիւնը դարձեալ, զօրացայ իրմով եւ ներքին դիմադրականութիւնս նորոգուած աւիշով սնանեցաւ:

Այս դժուար ու մեկուսացեալ օրերուն, երբ խմբագիր Վահան Թէքէեանին աւելի կը մտերմանամ, հանդիպեցայ իր՝ նաեւ Բակունցին վերաբերող, գրող եղբօր սրտցաւութեամբ ու անմիջականութեամբ գրուած գիրին (Արեւ, 6 Դեկտեմբեր 1941): Զայն կը ղրկեմ ձեզի՝ ակնկալելով որ ըստ ձեր հայեցողութեան հրատարակէք թերթիդ թիւերէն մէկուն մէջ:

Առիթը պատեհ նկատելով, շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Լիբանանի հայկական երեք օրաթերթերուն՝ Զարթօնքին, Ազդակին եւ Արարատին որոնք իրենց մնայուն ներկայութեամբ, պատնէշի՛ վրայ իրենց ներկայութեամբ, մե՛զ ալ վահանուած կը զգացնեն ու կը պահեն:

Բնականաբար, չեմ առանձնացներ միայն լիբանահայ մամուլը, եւ երախտագիտութիւն կը փափաքիմ յայտնել լիբանահայ բոլոր մարմիններուն, անհատներուն, հաստատութիւններուն որոնք այս մարտահրաւէրային օրերուն անձնդիր նուիրուածութեամբ, այս կամ այն կերպ, կը սատարեն Լիբանանի հայօճախին բարոյական կորովին պահպանման:

Վստահ եմ, «սատարուող« լիբանահայութիւնը իր շնորհակալութիւնը պիտի յայտնէ աւելի՛ եւս կառչելով կեանքին եւ վստահեցնելով «կամաւորներուդ« որ ինք վճռակամօրէն փարած կը մնայ կեանքին եւ լաւատես է վաղուան հանդէպ:

Կեցցէ՛ք եւ կեցցե՛ն մարդկութեան լաւի՛ն ու բարօրութեան նուիրուած ազնիւ հոգիները:

ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՏԱԳԷՍԵԱՆ

 

Այս տողերը կ’ուղղուին Խ․ Հայաստանի եւ Խ․ Միութեան իշխանութիւններուն։

Մեզի պաշտօն տրուած չէ որեւէ միթինկով մը, բայց վստահ ենք որ ամբողջ գաղութահայութիւնը, գրեթէ առանց բացառութեան, մեզի ձայնակից է այս դիմումին մէջ։ Եթէ ստորագրութիւններ հաւաքելու ելլէինք, ոչ ոք պիտի մերժէր, շատեր ինքնաբերաբար պիտի փութային իրենց անունը դնել ասոր նման խնդրագրի մը ներքեւ։

Խնդրագի՛ր Խ․ Հայաստանի եւ Խ․ Միութեան իշխանութիւններուն ուղղուած՝ ըսելու համար թէ սրտատրոփ կը մաղթենք եւ կը յուսանք ամբողջ Միութեան վերջնական յաղթանակը իր մղած տիտանեան պայքարին մէջ, եւ միաժամանակ կը յիշենք մեր այն եղբայրներն ու քոյրերը որոնցմէ ձայն չկայ տարիներէ իվեր։

Յիշելով՝ կը խնդրենք որ անոնց ներուի եւ անոնք կարենան իրենց երկրին ու իրենց ժողովուրդին մէջ ապրիլ վերստին ուրիշ ամէն մարդու նման, աշխատիլ եւ ստեղծել՝ ոչ թէ ուրիշի նման այլ իրենց սեփական ձիրքին եւ տաղանդին համաձայն։

Որովհետեւ, գիտեն ամէնքը ամէն տեղ, Խ․ Հայաստանի եւ Խ․ Միութեան մէջ նոյնքան լաւ որքան մենք այստեղ՝ թէ տաղանդ ունէին եւ ոմանք մեծ տաղանդ ա՛յն քանի մը տասնեակ մտաւորականները որոնք յանկարծակի լռեցին ասկէ քանի մը տարի առաջ եւ որոնց մասին գերեզմանային լռութիւն մը կը տիրէ, անկէ իվեր, բովանդակ երկրին, անոր մամուլին եւ, կ’ըսեն նոյնիսկ, ժողովուրդին մէջ…։

Եթէ գիտնայինք թէ ի՛նչ է պատճառը որուն համար անոնք ենթարկուած կը մնան – այսքան ժամանակէ իվեր – այդ ամէնածանր պատիժին, պիտի չմխիթարուէինք, պիտի չհանդարտէինք, անշուշտ պիտի չընդունէինք կատարուած իրողութիւնը, բայց… ի՞նչպէս ըսել, գիտակցաբա՛ր պիտի տառապէինք, գիտակցաբա՛ր պիտի սպասէինք մեր ցաւին վերջաւորութեանը։ Մինչդեռ հիմա, չգիտնալով թէ ի՛նչու սկսած է եւ մինչեւ ե՛րբ պիտի տեւէ անոնց կրած տանջանքը, կրկնապէս կը զգանք անոնց վիճակին մեզի տուած կսկծագին անձկութիւնը։

Այսօր, սակայն, մենք այլեւս մտահոգուած չենք այդ «ի՛նչու»ով․ այսօր, մենք այլեւս չենք զբաղիր պատճառներով, մինչեւ անգամ չենք հարցներ թէ ու՛ր են եւ ի՛նչպէս կ’ապրին Եղիշէ Չարենցներն ու Զապէլ Եսայեանները․ կը սպասենք միայն՝ որ եթէ դարձած չեն դարձուին անոնք ամէնքը, խմբովին, բնականոն կեանքին, զայն տեսնեն ու կրեն իրենց ժողովուրդին հետ այն պահուն մանաւանդ՝ ուր այդ ժողովուրդը մաքառելու վրայ է հոգիով եւ մարմինով իր հայրենիքին պաշտպանութեանը համար։

Մենք, գաղութի հայերս, կ’ուզենք յայտնել, շատ անկեղծօրէն եւ ճշմարտութիւնը ու միմիայն ճշմարտութիւնը ըսելով, թէ Խ․ Հայաստանը ճանչնալու եւ սիրելու աստիճանական, ոմանց համար աւելի արագ եւ այլոց աւելի դանդաղ գործողութեան մէջ մենք շա՜տ բան կը պարտինք այդ լռածներուն եւ թէ սա ալ մեզի իրաւունք կու տայ – գոնէ այնպէ՜ս կը թուի մեզի – խնդրելու որ անոնք ալ խօսին վերստին ինչպէս միւս մտաւորականները որոնք խօսեցան եւ մեզի կոչ ըրին որպէսզի Խ․ Հայաստանի եւ Խ․ Միութեան հետ ըլլանք ընդդէմ նացիզմի եւ ֆաշիզմի։

Բա՛ռ մը, «արեւահամ», Չարենցէն սորվուած եւ անոր շնորհիւ միշտ հայ լեզուին յատկացուած, միշտ հայ լեզուն տաքութեամբ քաղցրացնող, կ’երեւայ այսօրուան Արեւին մէջ, դաշտահանդէսի մը նկարագրութեան ընթացքին։ Ի՞նչպէս խորհիլ՝ թէ մենք կրնանք, այստեղ, գրել եւ խօսիլ «Իմ Անուշ Հայաստանի» անուշ բառերովն, երբ անոնց անուշութիւնը ամէնէն աւելի զգացող եւ զգացնող բանաստեղծը արգիլուած է զանոնք գործածելու, իր խումբ մը եղբայրակիցներուն հետ որոնք Բակունց եւ Թոթովենց, Ալազան եւ Մահարի, Եսայեան, Նորենց եւ դեռ ուրիշ անուններ ունին, ամէ՛նքն ալ ջերմեռանդ պաշտողները Խ․ Հայաստանի, որոնք նա՛խ մեզ հաշտեցուցին այն բաներուն հետ որ խորթ կ’երեւային անոր վրայ եւ յետոյ՝ զայն գրկել տուին մեր կուրծքերուն վրայ դարաւո՜ր սիրով մը որ առանց ցաւի պոռթկալ կ’ուզէր դարերէ իվեր…։

Ըսե՞նք Խ․ Հայաստանի եւ Խ․ Միութեան իշխանութիւններուն, թէ օր չ’ըլլար, որ արտատպելով այստեղ մայր-երկրին վերաբերող, մանաւանդ անոր զարգացումը նշող լուրերը, չյիշենք լռածները, չզգանք անոնց անուններուն յիշատակութեան պակասը։ Ո՞վ պիտի վերադարձնէ մեզի մեր նայուածքներուն երջանկութիւնը՝ անոնց գտնել տալով նորէն, մօտալուտ օր մը, իրենց վաղուց ծանօթ լոյսի եւ ուժի աղբիւրները։

Որովհետեւ իրօք անոնք լոյս եւ ուժ են մեզի համար, ու – վերջացնելով մեր խնդրագիրը անով որով սկսանք – անհասկանալի պիտի ըլլար որ այն պահուն ուր մեր սիրտերը դէպի Հայաստան բարձրացած են՝ անոր մէջ չփնտռէինք իր առաջին ժամու ջահերէն մէկքանին եւ չուզէինք որ անոնցմո՛վ եւ անո՛նց համար ալ մեր հայրենիքը յաղթէր վտանգին։

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին