Հինգշաբթի, 05. 02. 2026

spot_img

Լիբանան Կը Պատրաստուի Աւելի Եւս Խիստ Միջոցառումներու

Լիբանանի կառավարութիւնը կը պատրաստուի Հինգշաբթի օր երկու շաբթուայ նոր ժամկէտով մը շարունակել առողջապահական արտակարգ իրավիճակի միջոցառումները, մինչ այդ նոր կարգադրութիւններ կ՛ըլլան աւելի եւս  խստացնելու օրէնքները:

Յիշեցնենք, որ ներքին գործոց նախարարութեան  կարգադրութեամբ   երեկուընէ սկսեալ  գործադրութեան դրուեցաւ  յատուկ  ընթացակարգ մը, որուն  հիմամբ    քաղաքացիական  ինքնաշարժները եւ   կառքերը    իրաւունք  պիտի ստանան  երկրով մէկ շրջագայելու։

Երէկուայ   մեր թիւով վրիպակ մը արձանագրած ըլլալով, այսօր կը յստակացնենք, որ   այսուհետեւ   զոյգ   համարով աւարտող    ինքնաշարժները    իրաւունք  պիտի ունենան  շրջագայելու   ՝ երեքշաբթի, հինգշաբթի  եւ շաբաթ   օրերը, իսկ անզոյգ   համարով  աւարտող  ինքնաշարժները  ՝ երկուշաբթի, չորեքշաբթի  եւ ուրբաթ     օրերը։ Զեռօ համարը պիտի նկատուի զոյգ մինչ

 կիրակի  օրերը  քաղաքացիներ  իրաւունք պիտի չունենան     շրջագայելու։

 Երէկ, Լիբանանի ամբողջ տարածքին    արդէն իսկ  տեղադրուած էին յատուկ անցարգելներ,  ստուգելու համար    հրապարակուած  օրէնքին    գործադրութիւնը։

 Հրապարակուած  օրէնքը  քաղաքացիական  ինքնաշարժներէն  բացի  կը վերաբերի նաեւ   մարդատար կառքերուն եւ     բեռնատար ամէն չափի   կառքերուն։ Առողջապահական համակարգի աշխատողները, լրատուական միջոցներու աշխատաւորները, փուռերը եւ կարգ մը այլ աշխատանքներ պիտի համարուին զերծ այս միջոցառումէն:

Վերադառնալով արտակարգ իրավիճակի երկարաձգման, կը ծրագրուի, որ ան տեւէ մինչեւ 26 Ապրիլ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին