Երեքշաբթի, 17. 06. 2025

spot_img

Բանտեր

«Ծնա՞ր, բռնուեցար» կ՛ըսեն. Պարտադրուած իրականութիւն. Ու կը սկսի երթը, նայած շրջապատին, երկրին.-բնակավայր, ծնողք, դպրոց եւ հեռանկար ու վերջին  հաշուով՝ նայած ընթացքին, սահու՞ն թէ վերիվայրումներով լի կամ՝ նոյնիսկ պարտադրուած այս ընթացքը կարելի է կոչել բանտ. բանտ՝ (անհամեմատելիօրէն) այսօրերու պարտադրանքին պէս: Ընտելանալ է պէտք. ինչ ըսենք կեանքը կը պարտադրէ. Այս վերջին միտքը այնքա՜ն սիրած եմ տեսնելով շուրջիս մարդկային-ընկերային  իրականութիւնը, որ ի հարկէ նոր չէ. Վերջ ի վերջոյ ի՞նչ բան է նորը մարդկային փոխ-յարաբերութեան վարուելակերպին՝  ընկերութեան մէջ. «Նորութիւն չկայ» գրուած է «Ժողովողի»գիրքին մէջ (Հին Կտակարան)թէեւ՝ Պերդրանտ Ռասսըլ  «Ամէն վայրկեան նորութիւն կայ» ըսած է. նկատի ունենալով գիտական նորութիւնները. ի հարկէ կրնանք միայն ընդունիլ.  Բայց մեր  գործը  մարդկային իրականութեան հետ է:

Բանտարկութիւնը, մեկուսացումը անբնական երեւոյթներ են ի հարկէ սակայն երբ անհրաժեշտութիւն է, փախուստ չկայ եւ պէտք չէ որ ալ ըլլայ: «Առանձնութիւնը Աստուծոյ վայել  է» կ՛ըսեն. Իսկ ինչ որ ինքնակոչ է, կամ ինքնակամ, աստուածային է: Նկատի ունիմ Հանրի Տ. Թօրոն, որ մեկուսացաւ հողակտորի  մը վրայ (Ուոլտըն) իրեն յատուկ սենեակ մը դասաւորեց ու բակին բերքով ալ ստամոքսը գոհացուց մօտ երկու տարի, հեռու՝ աշխարհի ժխորէն: Բանտը կը կաշկանդէ եթէ նոյնիսկ այդ ըլլայ լայնատարած  «սթէփ» «Ով եկել էր սթէփներից, նա թողել էր անծայրածիր լայնութիւնը հորիզոնի, որ իր համար բանտ էր դարձել» (Ե.Չ.) ուրեմն ինչպէս միշտ՝ կայ առարկայականը եւ կայ ենթակայականը. Կայ նաեւ… յարմարուողականը. չյիշե՞նք Տարուինը.- «Յարմարուողը կը գոյատեւէ»: Ա՜խ սա յարմարուիլը. Ներքին պայքար է, ներքին արուեստ. Տիրապետել  ներաշխարհին ինչ որ ընդհանրապէս իբրեւ ԵՈԿԱ ծանօթ է Արեւմտեան աշխարհին: Լծե՛լ բնութեան պարգեւած զգացողութեան սանձերը մտքի զօրութեամբ որ կարենայ առաջնորդել մարմինը (անձը) նպատակի՛ն: Միասնութիւն մը կազմել մարմնի մէջ ուր այլեւս ոչ թէ սթէփները բանտ կը թուին, այլ՝ բանտի խուցը  վերածուի լայնատարած սթէփի: Մենք հեռու ենք սթէփներէ ուստի՝ ըսենք.-կապո՜յտ կապո՜յտ երկինքի, գարնանային տօնախմբութեան: Հոս է ապրելու արուեստը, որմէ հեռու՜ շատ հեռու՜ ենք այս նիւթապաշտ եւ համացանցային աշխարհի համաշխարհայնացումի ընթացող աշխարհին մէջ:

Վերջը բարին:

ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ

«Զարթօնք»ի Երէց Աշխատակից

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին