Ապրիլ 5-ին, Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ գերշ. Տ. Սեպուհ արք. Սարգսեանը հանդէս եկած է յայտարարութեամբ, ուր մասնաւորապէս ըսուած է.
«Սիրելի հայրենակիցներ`
Աշխարհակուլ համաճարակի` «քորոնա» ժահրի տագնապալի այս օրերուն կրկին անգամ ձեզ կը դիմեմ, երկու-երեք հիմնական ճշտմարտութիւններ փոխանցելու համար։
Այս տագնապը համատարած է, եւ բոլոր ժողովուրդները վարակուած են, իսկ ամէն մարդ յատուկ ջանքեր կը գործադրէ, որպէսզի յաղթահարէ այս տագնապային իրավիճակը, եւ բոլոր ժողովուրդները անգամ Ամերիկան եւ Եւրոպական պետութիւնները ջանքեր կը գործադրեն, եւ կը դիմեն իրենց ժողովուրդին, որպէսզի յաղթահարեն այս տագնապը։
Մենք նոյնպէս, իբրեւ համայնք այս դժուարութեան առջեւ կանգնած ենք:
Իմ պատուէրը եւ կոչը այն է, որ մենք իբրեւ հայրենակիցներ սիրենք միմեանց քանի, որ նոյնինքն սէրն է աղբիւրը իրական կեանքի»,- նշած է Սրբազան Հայրը։
Գերշ. Տ. Սեպուհ արք. Սարգսեան իր յայտարարութեան մէջ կարեւոր համարած է կարիքաւորներուն օժանդակութեան ցուցաբերման անհրաժեշտութիւնը։
Ան նշած է, որ «քորոնա» ժահրի ճգնաժամային պայմաններուն մէջ համայնքէն ներս սահմանափակ եկամուտ ունեցող անձեր կ՝ապրին, իսկ անոնց օժանդակութիւն ցուցաբերելը՝ ըստ Սրբազան Հօր` կը համարուի մեր բոլորիս բարոյական պարտականութիւնը։
Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ գերշ. Տ. Սեպուհ արք. Սարգսեան իր յայտարարութեան մէկ այլ հատուածին մէջ ժողովուրդին յորդորած է զերծ մնալու ապատեղեկատւութիւններէն, եւ հետեւելու միայն պաշտօնական հաղորդագրութիւններուն։
«Մեր գաղութին կապուած տեղեկատւութիւններուն ծանօթանալու համար հետեւեցէք միայն մեր պաշտօնական կայքին մէջ հրապարակուած տեկեկատւութիւններուն: Քանի որ անիկա կը համարուի մեր խօսնակը։ Կը խնդրեմ ուրիշ մարդոց ըսածներուն մի հետեւիք։
Բնական է, եթէ դժուարութիւններ կան, եւ համաճարակ տարածուած է, մահն ալ պիտի ըլլայ»,- նշած է Սրբազան Հայրը։
Սրբազան Հայրը անդրադառնալով Թեհրանի հայոց թեմին մէջ կորոնավիրուսի տարածման վերջին տւեալներուն նշած է. «Մեր գաղութին մէջ «քորոնա» ժահրի հետեւանքով արձանագուած է 7 մահ, եւ 4 «քորոնա» ժահրի կասկածով չհաստատուած դէպքեր»։
«Դժբախտաբար Հայաստանի Հանրապետութեան լրատուամիջոցներն ալ կապակողմորոշեն մեր ժողովուրդի զաւակներուն։ Իմ կոչը նաեւ անոնց այն է, որ դիմեն միայն պաշտօնական անձերուն, քանի որ թեմը ունի իր ազգային առաջնորդարանը, Պատգամաւորական ժողովը, Թեմական խորհուրդը։ Այս մարմինները ունին պատասխանատուներ եւ ատենապետներ։ Եւ անոնք պէտք է մեզի դիմեն գաղութի կեանքին հետ առընչուած ստոյգ տեղեկութիւններու փոխանցման համար»,- յստակացուցած է Սրբազան Հայրը։
Յայտարարութեան աւարտին՝ Սրբազան Հայրը իր հայրական օրհնանքը փոխանցած է բոլորին։