Երեքշաբթի, 10. 06. 2025

spot_img

Ազգային Վարժարաններու Կրթական Պատասխանատուներու Հանդիպում Առաջնորդարանէն Ներս

Այսօր կէսօրին, Լիբանանի հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ գերշ. Տ. Շահէ եպս. Փանոսեան ընկերակցութեամբ Ազգային վարչութեան ատենապետ պրն․ Րաֆֆի Սիսլեանին եւ պրն. Րաֆֆի Տէմիրճեանին, հանդիպում մը ունեցաւ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի կրթական տնօրէն տիկին Անի Բագրատունիի եւ Ազգային միացեալ վարժարանի կրթական տնօրէն պրն․ Գրիգոր Էքմէճեանին հետ։

Հաւաքը կը միտէր լուսարձակի տակ առնել ճգնաժամային ներկայ պայմաններուն մէջ ազգային վարժարաններուն կողմէ տարուող կրթական հիմնական աշխատանքները,  թէկուզ եւ անոնք կը տարուին հեռուսուցման ճամբով ու կրթական պատասխանատուներուն կողմէ հեռաձայնային հետապնդումներով: Հաւաքին, երբ իւրաքանչիւր վարժարանի ներկայացուցիչ խտացեալ կերպով զեկուցեց հեռուսուցման ծրագիրներու միջոցաւ տարուող աշխատանքներուն մասին, ուրախութեամբ պարզուեցաւ, որ տնային արգելափակումի այս միջոցին եւ հակառակ տնտեսական ու ընկերային դժուարութիւններուն, մեր վարժարաններու կրթական մշակները առաւելագոյն չափով կը հետապնդեն իրենց աշխատանքները եւ հեռակայ հաղորդակցական միջոցներով աշխատանքի լծած են ամբողջ աշակերտութիւնը։ Կան մեր կամքէն անկախ թեքնիք դժուարութիւններ, որոնց համար Սրբազան հայրը շեշտեց, որ Ուսումնական խորհուրդին հետ միասին, կարելի է ապագային լուծել այդ հարցերը ու նաեւ համադրելով վարժարաններուն ճիգերը՝ կարելի է իրականացնել փորձառութիւններու փոխանակում ու մէկտեղում:

Աւարտին, Շահէ եպս. Փանոսեան մեծապէս գնահատեց ազգային վարժարաններու ուսուցիչներուն եւ կրթական պատասխանատուներուն աշխատանքը, հակառակ այն իրողութեան, որ համաճարակին ստեղծած արտասովոր տագնապին ու քաղաքական կեանքի ու տնտեսական պայմաններու յարուցած խոչընդոտներու դիմաց, կրթութեան գործին նուիրեալ մեր ուսուցիչները, իրենց կարելին կ՛ընծայեն, որպէսզի հայ աշակերտը չանջատուի ուսումնական կեանքէն ու չպարպուի կրթական մթնոլորտէն:

Սրբազանը նաեւ յոյս յայտնեց, որ ազգային վարժարաններու պատասխանատուներու ու ծնողներու համատեղ ճիգերով, կարելի կը դառնայ նաեւ յաղթահարել վարժարաններուն դիմագրաւած տնտեսական դժուարութիւնները եւ այս տագնապը շրջանցել նուազագոյն վնասներով:

 

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին