Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

Տեսանկիւն. Սխալ Չկողմնորոշելու Բարոյականութիւնը

Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւին արագութիւնը նուազած է։ Այս մասին «Ֆէյսպուք»-ի իր էջին վրայ ուղիղ եթերով երէկ յայտնեց Հայաստանի առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան:

«Եթէ օրական տոկոսային աճով նայինք, ապա մեր մօտ վերջին երեք օրերուն տոկոսային աճը եղած է 4.6 տոկոս, 6.8 տոկոս եւ 1.3 տոկոս: Կրկնապատկման արագութիւնը 7 օրը մէկէն դարձած է 8 օրը մէկ: Մեր խնդիրն է՝ որքան հնարաւոր է, իջեցնել կշռոյթը»,- տեղեկացուցած է Թորոսեան։

Նոյնանման լաւատեսութեամբ մը հանդէս եկաւ նաեւ Լիբանանի առողջապահութեան նախարարը:

Սխալ չկողմնորոշելու համար Հայաստանի եւ Լիբանանի ժողովուրդներն ու մեր ընթերցողները, մեզի կը մնայ հարց տալ յարգելի նախարարներուն, որ արդեօք անցնող օրերուն քննութեան ենթարկուած քաղաքացիներուն թիւը նոյնը եղա՞ծ է: Կը կասկածիմ, սակայն կը յուսամ որ նոյնը եղած ըլլայ…:

Կը հասկնամ, որ երբ ամէն բան մռայլ է, լաւատեսութիւն ներշնչելն ու քաղաքացին ոգեւորելը ղեկավարի մը ազնիւ արժանիքը պէտք է ըլլայ: Այստեղ սակայն կայ շատ նուրբ գիծ մը, որ պատասխանատուն պէտք չէ շրջանցէ: Հակառակ պարագային այդ անտեղի լաւատեսութիւնը քաղաքացիին անզգաստութեան կ՛առաջնորդէ, որ  քաջալերուած լուրէն, այս պարագային օրինակի համար, փորձութիւնը կ՛ունենայ տուներէն դուրս գալու՝ վտանգելով, ոչ միայն իր անձը, այլ նաեւ տուեալ ժողովուրդին ազգային անվտանգութիւնը:

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին