Քաղաքացիներու նոր խումբեր երէկ վերադարձան Լիբանան քորոնա ժահրի հետ կապուած յատուկ կարգադրութիւններու ենթարկուելէ ետք:
Արդարեւ երէկ Լիբանան հասան 4 օդանաւեր գալով Իսթանպուլէն, Փարիզէն, Սպանիայէն եւ Քոնկոյէն:
Անոնք քննութիւններ անցնելէ ետք տեղափոխուեցան հիւրանոցներ սպասելով իրենց քննութիւններուն արդիւնքին:
Մինչ այդ, նախապէս վերադարձնողներու քննութիւնը անվարակ դուրս եկած էին:






