Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան (ՀԲԸՄ) նախագահ Մեթր Պերճ Սեդրակեան յայտարարութիւնով մը հանդէս եկած է քորոնա ժահրի համաճարակին վերաբերեալ։
Մինչ համայն մարդկութեան հետ հայութիւնը կը դիմագրաւէ այս համաճարակը, Մեթր Սեդրակեան իր յայտարարութեան մէջ կը շեշտէ ՀԲԸՄ-ի կարգախօսին վրայ. «Միութիւնը զօրութիւն է»։
Ան իր խօսքին մէջ կոչ ուղղած է, որպէսզի բոլոր հայերը յանձնառու ըլլան իրենց համայնքներէն ներս ծառայութեան եւ այսպէսով յաղթահարել ներկայ իրավիճակը։
Սեդրակեան յիշեցուցած է, որ հայ ժողովուրդը պատմութեան տեւողութեան յաղթահարած է բազմաթիւ դժուարութիւններու, որոնք առաջին հայեացքով անյաղթահարելի կը թուէին։ «Մենք ժողովուրդ մըն ենք, որ ի վիճակի է իր հաւաքական կեանքը մեծ փոփոխութիւններու յարմարեցնելու՝ նոյնիսկ եթէ անոնք պարտադրուած ըլլան մեզի», յայտարարած է Մեթր Սեդրակեան։
ՀԲԸՄ-ի նախագահը մաղթած է, որ բոլորը խնամեն ինքզինքնին եւ իրենց մերձաւորները։