Կ՛ապրինք առողջապահական երեւոյթի մը, ո՛չ անպայման աննախընթաց, այսուամենայնիւ՝ պատմական օրեր: Մարդկային այսօրուայ պատմութիւնը ահագին էջեր ունի գրելիք «քորոնա» ժահրի այս օրերուն մասին, մինչ անկէ՝ օր մը փրկուած սերունդները շատ մը առարկայական, իրական, զարդարուած, չափազանցուած, նաեւ երեւակայածին պատմութիւններ պիտի ունենան պատմելիք յաջորդող սերունդներու իրենց զաւակներուն եւ թոռներուն: Պիտի գրուին գիրքեր: Պիտի պատրաստուին զանազան սցենարներով ֆիլմեր:
Սակայն այսօրը նախորդող տարիներուն, գրուած ու պատրաստուած են գիտական երեւակայութեան, թէ այլ ժանրի ֆիլմեր, որոնք կարծէք նոյնութեամբ նկարագրած են այսօրուայ դէպքերը՝ անցեալէն դիտուած…:
Ի վերջոյ, չէ՞, որ երէկուայ երեւակայածին ֆիլմերը այսօրուայ իրականութիւններն են: Չէ՞, որ 40-ական թուականներու տիեզերագնացներ պատկերող ֆանդասիի վրայ հիմնուած ֆիլմերը, իրականութիւն էին 60-ականներուն արդէն, իսկ 1980-ական թուականներու առասպելի տպաւորութիւն ձգող գիտական երեւակայութեան ժանրի ֆիլմերուն մէջ երեւցող վիտէօ-հեռախօսութեան կարողութիւնը ունեցող հեռախօսները, այսօր մեր ձեռքերուն մէջն են արդէն…:
Ինքնամեկուսացման այս ձանձրանալի եւ մտահոգիչ օրերուն, «Զարթօնք»ի մեր Երեւանի աշխատակիցը ընտրած է դիտել այդ ֆիլմերու շարքէն կարգ մը նմոյշներ, մեզի համար գրելու իր տպաւորութիւններն ու յանձնարարականը:
Ստորեւ ձեր տրամադրութեան տակ կը դնենք անոնց առաջին: Հաճելի ընթերցում:
«Խմբ.»
Սեւ պաստառ… Ծանր հազի ձայնը: Մենք արդէն զգօն ենք, երբ, շուտով, մենք պաստառին վրայ կը տեսնենք մատուցողը, որ յաճախորդէն վերցնելով մետաղադրամները, ինչ որ թիւեր կը հաւաքէ դրամարկղին վրայ, ուր պիտի զետեղէ գանձածը: Մանրէներ: Մենք կը մտածենք: «Քոնթէճիըն»ը իրատեսական՝ ոչ զգայայոյզ ֆիլմ է ՝ համաճարակային վարակի մը մասին: Թրիլըր ժանրի ֆիլմ մը՝ վախազդեցիկ վարկած մը, թէ ինչպէ՞ս նոր եւ օդածին ժահր մը մուտք կը գործէ մարդկային ցեղի մարմնին մէջ եւ կարճ ժամանակի մէջ անողոք կերպով կը տարածուի:
Այս սցենարը արդէն իսկ ծանօթ է մեզի կրիփի ամէնամեայ տարեկան բռնկումներու միջոցաւ: Անոնցմէ ոչ շատերը այնքան տագնապ յառաջացուցած են վերջին տարիներուն, որքան խոզակրիփը: Լրատուական ժամանակագրութիւնը միշտ նոյնն է. Տագնապային քարտէզներ, համաշխարհային կլոր սեղաններ ու սեմինարներ, պատուաստանիւթ պատրաստելու պայքար՝ այս անգամ «Աթլանթայի հիւանդութիւններու վերահսկման կեդրոնին» մէջ տուեալ նոր կրիփի տեսակը դիմակայելու նուիրուած բժշկական արտադրութիւններու արտադրութեամբ եւ բաշխումով:
«Contagion» -ի մէջ ժահրը խափանող է, կը դիմադրէ մեկուսացման, կը մերժէ բուժումը: Սթիվըն Սոտըրպրկի այս ֆիլմը հմտօրէն կը պատմէ մի քանի հիմնական կերպարներու կեանքին մասին եւ ուրիշ շատերուն մասին պատահական տարբեր փոխազդեցութիւններ միջոցով: Ան պարզ կը դարձնէ, որ մարդիկ ժահրը իրար «չեն տար». Ժահրը կեանքի նոր ձեւ է, որ զարգացած է նոր «տանտէրներու» փնտռելու միջոցաւ, որովհետեւ ան պէտք է գոյատեւէ մինչ զինք կրողները կը մահանան: Ան կը փորձէ մահէն վեր մնալ: Մէկ խօսքով, կարծէք ան «արտերկրային» էակ մըն է, մինչ ֆիլմը ներքին տարածքէն եկող յարձակման մը մասին է:
Հազը, որը մենք կը լսենք ֆիլմին սկիզբը Պէթ Էմոֆիէյինն է (Կուինէթ Փալթրօ)՝ Միննէափոլիսցի կին մը, որ դէպի տուն կը ճամբորդէ գալով Հոնկ Քոնկէն: Շուտով անոր որդին կը մահանայ: Իր մահը կը յաջորդէ տղուն: Պէթի ամուսինը՝ Միթչը (Մէթ Տէյմընը), ըստ երեւոյթին ախտամերժ օրկանիզմով օժտուած, չի հաւատար, որ մահը կրնայ այդքան յանկարծակի քանդել իր ընտանիքը: Իր հետաքննութիւնը կը բացայայտէ գաղտնի այց մը, որ Պէթ կատարած էր դէպի տուն իր ճամբուն վրայ Շիքակոյի կանգառի միջոցին. Սակայն ոչ, ժահրը այդ այցելութեան ընթացքին չէ, որ ստացած է, քանի որ նմանօրինակ ժահր սեռային յարաբերութեամբ փոխանցուած տեսակէն չէ…:
Ֆիլմի աւարտին Սոտըրպրկ կ՛աւելցնէ հակիրճ սցենարը, որ կը բացատրէ, թէ ո՞ւրկէ ժահրը եկած կրնայ ըլլալ եւ ինչ աստիճանի տարածքային հեռաւորութիւն կայ անոր ծագման եւ Մինէոփոլիսցի կնոջ միջեւ: Թէ նման բան կրնա՞յ պատահիլ ինչպէս Սոտըրպրկ կը ներկայացնէ, թէ ոչ, այդ էական չէ հոս: Ի վերջոյ բոլոր ժահրերն ալ ինչ, որ տեղի մը մէջ ծագում կ՛առնեն եւ օդային ճանապարհութեան կարելիութեան այս դարուն անոնք մէկ օրուայ մէջ ուրիշ ցամաքամաս մը կրնան հասնիլ:
Ֆիլմը կը հետեւի թէքնօ-թրիլըր ոճին: Պաստառի յատակին շարունակաբար կը նշուի օրինակի համար. Օր 1, Օր 3, Մինէոփոլիս, Ժընեւ, եւայլն: Մենք կը հանդիպինք կարեւոր դերակատարներու, ինչպիսին են՝ Տոքթ. Էլիս Չիւըրս (Լորընս Ֆիշպուրն) Աթլանթայի մէջ, համաճարակային հետախուզութեան ծառայութեան անդամ տոքթ. Էրին Մեյըրսը (Քէյթ Ուինսլէթ), որ տեղւոյն վրայ կը փորձէ հետապնդել ժահրի տարածման ուղին: Տոքթ. Լէոնորա Օրանդեսը (Մարիոն Գոդիլարտ), Ժընեւի Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան քննիչ: Անոնք նախապէս միասին աշխատած են, հմուտ են եւ արագ կը գործեն: Տարրալուծարանին մէջ կայ նաեւ տոքթ. Ալլի Հեքսդալը (Ճէնիֆըր Էհլէ), որ կը փորձէ պատուաստանիւթ պատրաստել և անհամբեր է կորսուած այն ժամանակին համար, որուն միջոցին ան կրնար իր պատրաստածը փորձարկել մարդոց վրայ:
Այս ամէնը կը ներկայացուի նաեւ, որպէս տրամա: Սոտըրպրկ կրնար ժահրը աւելի պարզ ձեւով բացատրել, եւ այդ աւելի օգտակար կրնար ըլլալ նիւթին: Ի վերջոյ ժահրերը կեանքի ձեւեր են, որոնք անպայմանօրէն կրնան մեր թշնամիները չըլլալ, այլ, կեանքի տարբեր այդ ձեւերը իրենք ալ իրենց կարգին կը պայքարին իրենց գոյատեւման համար: Ռիչըրտ Տաուքինս այս գործընթացը նկարագրած է իր «Եսասէր կենը» (The Selfish Gene) տեսութեան մէջ: Կենի մը տեսանկիւնէն դիտած, մարմինները պարզապէս փուլային hենաքարեր են ժամանակին մէջ իրենց ճանապարհորդութեան ատեն:
Այսուամենայնիւ «Քոնթաճիընը» արժանի է գովասանքի քանի, որ լրջօրէն ընդունած է գիտական ձեւը ժահր մը ներկայացնելուն մէջ, մինչ անդին զանազան պատուաստանիւթերու մասին շատ մը անհիմն առասպելներ կան:
Ֆիլմը տարբեր տարակուսանքներ ալ կը յառաջացնէ ժահրերու իսկական ստեղծման ու տարածման վերաբերեալ: Ալան Քրումուիտը (Ժուտ Լօ) հանրաճանաչ պլոկըր է ՝ իր դաւադրութեան տեսութիւններով հանդէպ պետութեան եւ դեղերու ընկերութիւններու սերտ կապին նկատմամբ: Անոր մտահոգութիւնները չարաշուք են սակայն, ոչ յստակօրէն կեդրոնացած: Արդեօ՞ք ան կը կարծէ, որ դեղագործական ընկերութիւններն են, որ կը խրախուսեն ժահրերու տարածումը: Պլոկըրին ենթադրութիւնները յստակօրէն չի փոխազդէր ֆիլմի պատմութեան հիմնական գիծերուն վրայ: Ան զգուշացնող գործառոյթ է սակայն ունի անորոշ շեղումներ:
Այո՛, մենք յաճախ պէտք է մեր ձեռքերը լուանք: Այո՛, «ձեռքի մաքրիչները» այս օրերուն ամեն տեղ են: Այո՛, անծանօթ մարդկանց հետ ձեռք սեղմելը կրնայ մտահոգիչ ըլլալ հակառակ անոր, որ մեր ձեռքերը չեն, որ վարակակիրներն են, այլ՝ մենք: Այո՛, մենք իսկապէս շատ բան չունինք ընելու: Թէկուզ զարմանալի, սակայն ի վերջոյ, որքա՞ն մարդիկ կը մահանան հիւանդանոցներու մէջ այնպիսի ժահրերով, որոնցմով վարակուած չէին երբ անոնք, որպէս հիւանդներ հիւանդանոց մտան…:
Աւարտին, նշենք, որ սոյն ֆիլմի սցենարին հեղինակն է Սքոթ Զ. Պըրնս: Ան որակուած է, որպէս տրամա, գիտական երեւակայութիւն եւ թրիլըր:
Ան սահմանուած է, որպէս PG-13 իր յուզական բովանդակութեան եւ տեղ տեղ օգտագործուած ո՛չ պատշաճ լեզուին համար: Ֆիլմին տեւողութիւնը 106 վայրկեան է:
Ֆիլմը կրնաք դիտել հետեւեալ կապին վրայ՝
https://www.youtube.com/watch?v=K1VaA45RPHw
Քոնթաճիըն 2011(Contagion 2011)
Քրիսթինա Աղալարեան
«Զարթօնք»ի Երեւանի Աշխատակից