Երկուշաբթի, 16. 06. 2025

spot_img

Տնտեսական Հարթակ. Քորոնա Ժահրի Համաճարակը

Քանի առաքինի մարդ, քանի գեղեցիկ կին, կը նախաճաշեն իրենց ընտանիքին հետ ու երեկոյեան կ’ընթրեն հանդերձեալ կեանքի մէջ…

            Ճիովաննի Պոքաչիօ (ԺԴ.դարու իտալացի գրող)

 

Իտալացի Վերածնունդի մեծ գրող Ճիովաննի Պոքաչիօ այսպէս կը նկարագրէ այն համաճարակը, որ հարուածեց Եւրոպան 1347 եւ 1352 թուականներուն միջեւ ու կոչուեցաւ Black Death: Հինգ տարուան ընթացքին Եւրոպա կորսնցուց իր այն ատենուան բնակչութեան մէկ երրորդը կամ 20 միլիոն մարդ: Ամէն բան սկսաւ մէկ նաւու նաւաստիներէ: Հոկտեմբեր 1347-ին, 12 նաւեր հասան Սիկիլիա կղզիի Մեսսինա նաւահանգիստը, գալով Սեւ Ծովէն:  Բնակիչները զարմանքով նկատեցին, թէ նաւաստիներուն մեծ մասը մահացած է, իսկ ողջ մնացածներուն մարմինները լեցուած էին սեւ պալարներով ու անոնցմէ արիւն կը հոսէր ու մահը մօտ էր: Սիկիլիոյ իշխանութիւնները թէեւ որոշում առին նաւերը հեռացնելու, սակայն արդէն ուշ էր: Համաճարակը տարածուած էր:      

Քորոնա ժահրի պարագային, կարգ մը երկիրներ միայն հարցը լուրջի առին եւ շրջաններ փակեցին, անոր տարածումը արգիլելու համար: Ուրիշ երկիրներ, մղուած տնտեսական եւ վարչական պատճառներէ, քիչ մը ուշ շարժեցան: Իրենց չօգնեց նաեւ ժահրին ուշ յայտնուիլը մարդոց մէջ:  Ժահրը հինգ օր ետք է որ կը յայտնէ իր գոյութիւնը մարդու մարմնին մէջ: Տարածումը կանխարգիլելու համար, Չինաստանի օրինակը համարուեցաւ ամենաարդիւնաւէտը: Ամբողջ քաղաքներու մէջ, երկրի տարբեր շրջաններու միջեւ փոխադրութիւնը արգիլուեցաւ, շրջաններ փակուեցան:  Չինաստանի պարագային այս քայլը օգտակար դարձաւ եւ երկիրը սկսաւ դուրս ելլել վտանգաւոր համաճարակի վիճակէն: Հարցը, որ մասնագէտներ կը մտահոգէ, այն է, որ բնականոն կեանքի վերադառնալէն ետք երկիրներ ո՞ր չափով պիտի կարենան սահմանափակել ժահրին տարածումը: Ըստ նոյն մասնագէտներուն, այս համաճարակը կրնայ տեւել մինչեւ աշնան սկիզբը: Երկիրներ ինչպէ՞ս պիտի կարենան դիմանալ այսքան ժամանակ: Մարդոց ապրելակերպը եւ տնտեսութիւնը պիտի ըլլան ամենամեծ տուժողները: Երկիրներու սահմաններ փակուած են, ընկերութիւններ կ’աշխատին իրենց ամենացած մակարդակով: Քորոնա ժահրին տարածումը ըլլայ բնական ձեւով, թէ ըստ վարկածի մը, ծրագրուած ձեւով տնտեսապէս հարուածելու համար երկիրներ, քաոս ստեղծած է միջազգային տնտեսական համակարգին մէջ: Պետութիւններ ամէն ճիգ կը թափեն նուազեցնելու համար ժահրի տարածման ստեղծած քաոսին հետեւանքները: Այս քայլերը ո՞ր չափով պիտի կարենան նուազեցնել հետեւաքները: Մէկ բան յստակ է, որ բնութիւնը անգամ մը եւս յաղթեց մարդուն, թէեւ առժամաբար:

Միջազգային Արժոյթի Սնտուկի (International Monetary Fund) տնօրէն Քրիսթալինա Ճորճիեւա յայտարարեց, թէ Քորոնա ժահրի համաճարակին պատճառով աշխարհի տնտեսութիւնը մեծ հարուած մը ստացաւ եւ արդիւնքը կրնայ ըլլալ տնտեսական անկում մը, որ աւելի վտանգաւոր կրնայ ըլլալ 2008-ի տնտեսական տագնապէն: Ան պետութիւններուն կոչ ուղղեց առնելու տնտեսական օժանդակութեան որոշումներ, թեթեւցնելու համար համաճարակին ունենալիք ազդեցութիւնը ժողովուրդի ապրելակերպին վրայ:  Ան յայտարարեց, թէ 80 երկիրներ արդէն օժանդակութեան պահանջք ներկայացուցած են Սնտուկին: Իրենք իրենց ունեցած 1000 միլիառ տոլարի ամավարկը պիտի օգտագործեն օժանդակելու համար աղքատ երկիրներուն:

Ուրիշ գործօն մըն ալ ի յայտ եկաւ այս համաճարակին պատճառով: Այդ մէկը եւրոպական շատ մը երկիրներու, ինչպէս Իտալիոյ եւ Սերպիոյ դժգոհութիւնն էր իրենց եղբայր կարծուած դրացիներէն: Համաճարակին պատճառով, Իտալիան ենթարկուեցաւ սահմաններու փակումի եւ ոչ մէկ Եւրոպական Միութեան անդամ իրենց օգնութեան ձեռք երկարեց: Ռուսիա, Չինաստան եւ Քուպա օդային կապով բժշկական օժանդակութիւն եւ սարքաւորումներ հասցուցին համաճարակէն տառապող Իտալիային: Եւրոպական երկիրներ կրնան այպանելի չըլլալ, որովհետեւ համաճարակին հարուածը ուժգին էր եւ կարճ ժամանակամիջոցի մը մէջ: Մեծ պետութիւններ ցնցուած են: Անոնք պատրաստ չէին այս հարուածին: Ըստ վերլուծողներու, այս մեծ հարուած է Եւրոպական Միութեան հիմնադիր երկիրներէն Իտալիոյ եւ Միութեան մնացեալ երկիրներուն միջեւ յարաբերութեան: Իտալացիները ըլլալով զգացական ժողովուրդ մը, այս քայլը լաւ ձեւով պիտի չընդունին եւ Եւրոպական Միութիւնը կրնայ ականատես դառնալ փոփոխութիւններու այս համաճարակի աւարտէն ետք:

Մինչեւ հիմա համաճարակը ազդեց տնտեսութեան վրայ ընկերութիւններու փակումին պատճառով: Միլիառաւոր մարդիկ մնացին առանց եկամուտի եւ եթէ կառավարութիւնը չմիջամտէ օժանդակութիւն ներկայացնելով անոնց, շատ մարդիկ պիտի մնան անօթի ու առանց բնակարանի: Երկրորդ հարցը երկիրներու եւ նոյն երկրի շրջաններուն միջեւ փոխադրութեան արգելքն է: Եւրոպական Միութեան երկիրներ իրենց միջեւ եղող սահմանները կիսով փակեցին միացումէն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով: Այս քայլը անշուշտ իր ժխտական ազդեցութիւնը պիտի ունենայ երկար ժամանակի վրայ այդ երկիրներուն միջեւ յարաբերութեան վրայ: Երրորդ ազդեցութիւնը ծեր քաղաքացիներու ամբողջական կղզիացումն է իրենց տուներուն մէջ, անոնց պաշտպանական համակարգի տկար ըլլալուն պատճառով: Չորրորդ ազդեցութիւնը թղթադրամի շրջանառութիւնն է: Համաճարակի առաջին օրէն յայտարարուեցաւ, թէ թղթադրամին վրայ ժահրը կրնայ մնալ եւ վարակել: Տարբերակներու մասին արդէն կը մտածուի: Արդեօ՞ք թուայնացած հսկուող քարտերը ապագայի տարբերակներէն մէկն են:

Համաշխարհայնացումը կարծես հասած է իր աւարտին: Այն տնտեսական համակարգը, որ պիտի փոխարինէ զայն, պիտի պատասխանէ բնակչութեան վախերուն, պահանջքին: Թերեւս այդ է պահանջուածը: Վախը ամենամեծ գործօնն է մարդիկ համոզելու, թէ իրենց ապրած ձեւով շարունակել կարելի չէ այլեւս, գոյութիւն ունեցող վտանգներուն պատճառով: Նոր համակարգը հաստատելու համա՞ր դիմեցին այս քայլին: Վտանգաւոր օրեր կ’ապրինք: Այս համաճարակի պատճառով կրնան փոխարինուիլ ձախող համակարգեր, երկիրներու մէջ տիրեն ոչ սահմանադրական կարգեր, որովհետեւ աղքատութիւնը ամէն բանի կրնայ առաջնորդել: Կրնան կիսաբաց մնալ կամ փակուիլ սահմաններ, թղթադրամը փոխարինուի թուայնացած քարտերով, ուր քաղաքացին թիւ է եւ կրնայ հսկուիլ: Միջին դասակարգը կրնայ շատ տկարանալ եւ մենք ականատես կրնանք դառնալ մէկ առ հարիւր հարուստ եւ մնացեալը կախեալ  դասակարգերու: Այս համաճարակին երկար ժամանակ տեւելը լաւ տեղ պիտի չտանի մարդկութիւնը: Կարելի պիտի ըլլա՞յ մէկ տնտեսական համակարգ պարտադրել մարդկութեան: Գալիք օրերը յղի են շատ մը փոփոխութիւններով: Մարդը քանի մը հիմնական դասեր պիտի քաղէ այս համաճարակէն՝ բնութեան հետ խաղալ միայն անոր կանոններով եւ սահմանը չանցնիլ: Հակառակ պարագային մարդկութեան կը սպասեն աւելի վտանգաւոր եւ ճակատագրական օրեր: Բնութեան օրէնքը խախտել կենային գիտութեան անօրինակ զարգացումով, արուեստական բանականութեան անբնական զարգացումով մարդը կը խաղայ իր ճակատագրին հետ:  Մարդը եղբայր մարդուն հանդէպ ըլլայ կարեկից եւ ոչ դաժան, ինչպէս որ էր ցարդ, կարգ մը բացառութիւններով:  Զգոյշ ըլլալ պէտք է: Ճակատագրական օրեր են:

ՎԻԳԷՆ ԹՈՍՈՒՆԵԱՆ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին