ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը 6 ապրիլին ժամը 18։30-ին «Ֆէյսպուք»-ի իր էջի ուղիղ եթերի ժամանակ պիտի պատասխանէ քաղաքացիներու հարցերուն։ Նիկոլ Փաշինեանը «Ֆէյսպուք»-ի իր էջին գրած է, որ այդ հարցուպատասխանին պիտի տրամադրէ երեք ժամ:
«Պիտի պատասխանեմ ամենաշատ Like հաւաքած հարցերուն: Ընդ որում, Like-երու հաշուարկը պիտի կատարուի հետեւեալ բանաձեւով՝ Like մինուս dislike եւ այլ արձագանգներ:
Այնպես որ՝ Դուք կ’որոշէք, թէ որ հարցերուն պատասխանեմ: Գրեցէք Ձեր հարցերը այստեղ: Մինչ հանդիպում՝ երկուշաբթի օր, ժամը 18։30»,- գրած է Փաշինեանը։






