Առողջապահութեան նախարարը երէկ յայտարարեց 7 նոր վարակակիրներու գրանցումին եւ մէկ մահուան պարագայի մասին, մինչ Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը խստացուց իր կարգադրութիւնները աւելի եւս հակակշռելու համար ժահրին տարածումը:
ՆՔՆ որոշումը կը վերաբերի ինքնաշարժներու երթեւեկին, որուն հիման վրայ զոյգ համարանիշ կրող ինքնաշարժները իրաւունքը պիտի ունենան երթեւեկելու Երկուշաբթի, Չորեքշաբթի եւ Ուրբաթ օրերը, իսկ անզոյգ թիւ կրողները՝ Երեքշաբթի, Հինգշաբթի եւ Շաբաթ օրերը: Կիրակի օրերը երթեւեկը արգիլուած պիտի ըլլայ բոլորին:
Այս որոշումէն դուրս կը մնան առողջապահական համակարգին մէջ աշխատողները, զինուորականները, լրագրողները եւ որոշ քանի մը պարագայ:






