Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Տօնացոյցին համաձայն, այս Կիրակի կը տօնենք Ծաղկազարդի սրբազան տօնը, որ եկեղեցական կեանքին մէջ ծանօթ է նաեւ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի յաղթական մուտքը Երուսաղէմ անունով: Տօն մը, որ մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ ունեցած է բարձր արժէք եւ տակաւին կը շարունակէ վայելել այն տեղն ու դիրքը, որ ունէր նախապէս:
Երբ կարդանք Աւետարանական այն դրուագը, ուր կը յիշուի Քրիստոսի մուտքը Երուսաղէմ (Մտ 21.1-11), այնտեղ կը տեսնենք, թէ այդ մուտքը սովորական թագաւորներու, իշխաններու կամ կառավարիչներու նման կառքերով, շքախումբով, աւարով ու գերիներով, յոխորտանքով եւ բարձրավիզ չէր, այլ՝ ճշմարիտ հեզութեամբ ու խոնարհութեամբ, աւանակի մը վրայ նստած, կաղերով, կոյրերով, անդամալոյծներով, խուլերով եւ հաւատարիմ հետեւորդներով շրջապատուած յաղթական մուտք մը:
Բազմութեան մէջ տիրական երեւոյթը հասարակաց խնդութիւնն էր: Մուտքի պահուն Իսրայէլի որդիները կը վերապրէին իրենց փառաւոր անցեալը: Անոնք վեհ զգացումներով շարունակ կը կրկնէին ըսելով՝ «Օրհնութի՜ւն Դաւիթի Որդիին, օրհնեալ է ան՝ որ կու գայ Տիրոջ անունով, օրհնութիւն բարձրեալին» (Մտ 21.9):
Այսպէս եղաւ Քրիստոսի մուտքը Երուսաղէմ: Ան երբ քաղաք մտաւ, ամբողջ Երուսաղէմը դղրդաց խնդութեամբ, այն աստիճան, որ ոմանք ըսին թէ ո՞վ է ան:
Այսօրուան մեր կեանքին մէջ եւս կը հանդիպինք անձերու, որոնք Քրիստոսի անձին մասին ոչ մէկ գաղափար ունին, անոր հրաշագործութիւններէն, ուսուցումներէն, մահուան դէմ տարած յաղթանակէն անտեղեակ են, կան անձեր, որոնք գիտնալով հանդերձ կ’անտեսեն Քրիստոսի Աստուածութիւնը եւ զինք կը նկատեն պատմական մէկ դէմք, տակաւին կան ոմանք, որոնք Քրիստոսի անունն իսկ չեն լսած: Քրիստոսի Երուսաղէմ մուտքը յստակ բացատրական մըն էր «Ո՞վ է ան» ըսող հրեաներուն եւ բարեյիշեցում մը՝ մեզմէ իւրաքանչիւրին, թէ ինքն էր որ խօսեցաւ անկէզ մորենիին մէջէն, ինքն էր ճշմարտութիւնը, ճանապարհը եւ կեանքը, ինքն էր Աստուծոյ գառնուկը, որ վերցուց մարդկութեան մեղքը, այլ խօսքով՝ ինքն էր սպասուած փրկիչը, Աստուծոյ մարդեղացեալ Խօսքը:
Երբ կեդրոնանանք Երուսաղէմ մուտքի դրուագին, կը տեսնենք, թէ Քրիստոս իր շուրջը բոլորուած մեծահարուստ, երեւելի կամ դիրքերու տէր անձերուն փոխարէն կը փնտռէր հոգիով համեստ եւ սրտով մաքուր անձեր, որոնց մասին ակնարկած էր Լերան Քարոզին մէջ:
Ահաւասիկ մարտահրաւէր մը՝ ուղղուած մեզմէ իւրաքանչիւրին. ըլլալ հոգիով խոնարհ եւ սրտով մաքուր: Այսօրուան մեր աշխարհին մէջ, այս աղմկալի մթնոլորտին ներքեւ ի՞նչպէս կարելի է ըլլալ հոգիով հեզ ու սրտով մաքուր:
Քրիստոնեայ ըլլալու առաջին եւ վախճանական պայմանը սէրն է: Անշահախնդիր սէրը Աստուածային պարգեւ մըն է: Սէրը մեզի դէպի երկինք բարձրացնող սանդուխ մը, մարդը աստուածացնող միջոց մըն է: Քրիստոս իր երկրաւոր առաքելութեան ընթացքին սէր քարոզեց եւ սէր ապրեցաւ: Այսօր մարդկութիւնը կը տառապի Քրիստոնէական սիրոյ պակասէն: Ամենուրեք պատերազմ ու բռնութիւն: Ինքնակեդրոնացած մարդկութիւնը սիրոյ գաղափարն իսկ այլափոխած է: Ճշմարիտ սէրն ու աշխարհիկ ցանկութիւնները սկսած են շփոթուիլ:
Սէրը իր ամբողջական իմաստով կեանքի զսպանակ է, մարդկային կեանքին մէջ՝ համերաշխութիւն, ընկերութեան մէջ՝ հաւասարութիւն եւ հաշտութիւն: Սէրը մեր կեանքը դուրս կը բերէ ինքնակեդրոնացումէ: Մարդը ամէն բանէ առաջ պէտք է գիտնայ սիրել զԱստուած, ապա իր նմանը: Այսպիսով մարդուն սրտին մէջ պիտի բխի բարեգործութեան փափաք, զիջողութեան առաքինութիւն, հաւասարութեան հասկացողութիւն: Եթէ երբեք սէրը տիրէ մեր հոգեւոր կեանքին մէջ, կը ճաշակենք Քրիստոսի թողած խաղաղութիւնը, որ տարբեր է այս աշխարհին տուած խաղաղութենէն:
Երկրորդ պայմանը համեստութիւնն է: Քրիստոսի յաղթական մուտքը Երուսաղէմ դրուագը ամէն բանէ վեր ու առաջ մեզի կը սորվեցնէ Քրիստոսի նման համեստ ըլլալ: Մեր Տէրը Աստուած ըլլալով մերկացաւ իր փառքէն եւ խոնարհեցաւ աշխարհ: Ան ամէն տեսակ փառքէ ու պատիւէ հեռու մնաց: Երբ փորձեցին բռնի կերպով զինք թագաւոր հռչակել, անմիջապէս խոյս տուաւ այդ ամբոխէն: Իր կեանքի օրինակով ցոյց տուաւ, թէ փառքն ու պատիւը չեն որ մարդուս նկարագիրը կը կերտեն ու դէպի երկինք կ’առաջնորդեն, այլ՝ համեստութիւնն ու խոնարհութիւնը մարդուս մէջ հարազատ, աստուածային կերպարը կը կերտեն: Համեստութիւնը կը կայանայ անոր մէջ, երբ մեր վրայ դժուարութիւններ եւ բարդութիւններ կը ժողովուին մեր նմանին կողմէ, երբ ցաւ կը զգանք մեր եղբօր արարքներէն եւ երբ տանինք այս բոլորը ճշմարիտ համեստութեամբ եւ ոչ կեղծիքով ու յետին հաշիւներով, երբ աղօթենք իր ընթացքի փոփոխման համար, երբ ձեռք երկարենք իր կարիքներուն, այն ատեն պիտի ճաշակենք համեստութեան բարի պտուղը՝ ըմբոշխնելով մարդ «որսալու» յաղթանակը: Ահաւասիկ առաքինութիւններուն գագաթը:
Քրիստոսի յաղթական մուտքը Երուսաղէմ նաեւ բժշկութեան աւետիս մըն է մեզմէ իւրաքանչիւրին: Այսօր ներկայ պայմանները ծանօթ է բոլորիս: Կ’ապրինք ու կը տեսնենք աշխարհին կրած տագնապը: Մարդուն մեծամտութիւնը խորտակուած է ժահրի մը դիմաց: «Քորոնա» կոչուած ժահրը յիշեցում մըն է մարդուս տկարութեան, անկարողութեան ու սահմանափակ տարողութեան: Ժահրին պատճառով տասնեակ հազարաւոր ընտանիքներ մնացին որբ, այրի կամ անզաւակ: Տասնեակ հազար անձեր խլուեցան աշխարհէն: Քրիստոս իր յաղթական մուտքէն ետք մաքրագործեց տաճարը եւ ապա բժշկեց հիւանդները: Որքա՜ն հրամայական է այսօր Քրիստոսի ներկայութիւնը մեր յարկերուն տակ, իբրեւ մաքրագործող ու բժշկող Աստուած: Եկէք մենք ալ հրաւիրենք մեր Տէրը մեր տուներէն ներս, որպէսզի մաքրագործէ Սուրբ Հոգիին տաճարը հանդիսացող մեր մարինները ու բժշկէ մեր ախտերը:
Հետեւաբար, Ծաղկազարդի տօնը թող որ առիթ մը ըլլայ մեզմէ իւրաքանչիւրին համար, Քրիստոսի հետ յաղթական մուտք գործելու դէպի խաղաղ հորիզոններ: Արդ, ժամն է ծունկի գալ եւ աղօթել, որպէսզի Աստուած մեզ կայուն պահէ մեր հաւատքին մէջ, մեր սրտերը լեցնէ երկնային սիրով եւ համեստութիւնը աճեցնէ մեր հոգիին մէջ՝ արժանանալու համար Քրիստոսի հետ ճշմարիտ յաղթանակին եւ Քրիստոսով վերանորոգումին:
ՇՆՈՐՀՔ ՎՐԴ. ԱՇԸԳԵԱՆ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւն