Կիրակի, 10. 11. 2024

spot_img

Ծաղկազարդին Էջմիածինի Մէջ Դուրս Հանուած է Աստուածամուխ Սուրբ Գեղարդը

Ծաղկազարդի տօնին առիթով, Ապրիլ 5-ի առաւօտեան, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ՝ Ս. Տրդատի բաց խորանին առջեւ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հանդիսապետութեամբ, կատարուած է Անդաստանի արարողութիւն, որուն ընթացքին օրհնուած են աշխարհի չորս կողմերը: Այս մասին կը տեղեկանանք Մայր Աթոռի տեղեկատուական համակարգի Facebook-ի էջէն։

«Այս առիթով, աշխարհը եւ հայրենի մեր երկիրը պատուհասած համավարակի պայմաններուն, ի մխիթարութիւն եւ ի բժշկութիւն ժողովուրդին դուրս բերուած էր համաքրիստոնէական մեծագոյն սրբութիւններէն մէկը՝ Սուրբ Էջմիածինի մէջ պահուող Աստուածամուխ Սուրբ Գեղարդը, որմէ սփռուող օրհնութեան ներքոյ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը հայցեց Տիրոջ հովանին համայն աշխարհին, մեր երկրին եւ ողջ ժողովուրդին՝ ի Հայաստան, Արցախ եւ ի Սփիւռս: Վեհափառ Հայրապետը աղօթեց վարակէն ապաքինուողներու բժշկութեան, մեկուսացուածներու ոգիի ամրութեան, նեղեալներու եւ սգացեալներու մխիթարութեան եւ ի Քրիստոս ննջեցեալներու հոգիներուն՝ յաւիտենական կեանքի երանութեան համար: Նորին Սրբութիւնը հայցեց Երկնաւորին նաեւ ուժ եւ կարողութիւն շնորհել պետական այրերուն եւ դժուարին հանգամանքներու մէջ իրենց նուիրեալ ծառայութիւնը մատուցող բոլոր անձերուն։

Արարողութեան աւարտին, համայն հայութեան հոգեւոր կեդրոնէն, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը իր խօսքը ուղղեց աշխարհասփիւռ մեր ողջ ժողովուրդին»,- նշուած է տեղեկութեան մէջ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին