Լիբանանի Եկեղեցիները երէկ Ծաղկազարդ տօնեցին հաւատացեալներու բացակայութեամբ:
Արդարեւ, կոչ ուղղելով հաւատացեալներուն մնալու իրենց տուները, կղերականները Ծաղկազարդի իրենց պատարագը եւ պատգամները առցանց փոխանցեցին ժողովուրդին: Շարք մը եկեղեցիներու հոգեւոր հովիւներ դուրս գալով շրջեցան տուեալ եկեղեցիին մերձակայ թաղերը օրհնելով ժողովուրդը Ծաղկազարդի աւանդական թափորին փոխարէն:






