Երեքշաբթի, 10. 06. 2025

spot_img

Մինչեւ Ապրիլ Ամսուան Աւարտը Եկեղեցիներէն Ներս Արարողութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Առանց Հաւատացեալներու Ներկայութեան

Ինչպէս ծանօթ է մեր ժողովուրդին, երկու Վեհափառ Հայրապետներու տնօրինումով որոշուած էր եկեղեցիներէն ներս եկեղեցական արարողութիւնները կատարել դռնփակ, մինչեւ Աւագ Հինգշաբթի, 9 Ապրիլ 2020: Նկատի ունենալով, որ համաճարակը նոյն թափով կը շարունակուի եւ շատ մը երկիրներ մինչեւ Ապրիլ ամսուան աւարտը աւելի խիստ միջոցներու դիմած են, Վեհափառ Հայրապետները ներկայ կացութեան լոյսին տակ որոշեցին երկարաձգել մեր եկեղեցիներէն ներս արարողութիւններու դռնփակ կատարումը՝ մեկնելով մեր ժողովուրդի զաւակներուն ապահովութեան նկատմամբ իրենց ունեցած նախանձախնդրութենէն:

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս յատուկ շրջաբերականով մը այս գծով տեղեակ պահեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան թեմերու առաջնորդ սրբազանները, միաժամանակ դարձեալ յորդորելով՝ որ մեր հոգեւոր հայրերը յատուկ աշխատանք տանին մեր եկեղեցական արարողութիւնները, Ս. Գրոց սերտողութիւնները եւ ընդհանրապէս մեր հոգեւոր արժէքները ընկերային ցանցերու ճամբով հասցնելու մեր ընտանիքներուն ու զաւակներուն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին