Երեքշաբթի, 24. 02. 2026

spot_img

ՀՀ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Յարգանքի Տուրք Մատուցած է Ապրիլեան Քառօրեայ Պատերազմի Հերոսներու Յիշատակին

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանի ուղեկցութեամբ, երէկ, այցելած է «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն՝ յարգանքի տուրք մատուցելու 2016թ. Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի եւ Արցախեան ազատամարտին մէջ իրենց կեանքը զոհաբերած հերոսներու յիշատակին:

Վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝ Ն. Փաշինեան ծաղիկներ խոնարհած է Ապրիլեան պատերազմի զոհերու, զօրավար Անդրանիկ Օզանեանի եւ սպարապետ Վազգէն Սարգսեանի շիրիմներուն:

Նիկոլ Փաշինեան ծաղկեպսակ դրած է զոհուած ազատամարտիկներու յիշատակը յաւէրժացնող յուշահամալիրին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին