Հինգշաբթի, 05. 02. 2026

spot_img

Տիապ Փորձեց Փրկել Կառավարութիւնը Յետս Կոչելով Կեդրոնական Դրամատան Նշանակումներու Օրակարգը

Վարչապետ Հասսան Տիապ երէկ հաւանական անկումէ մը փրկեց կառավարութիւնը, երբ յետս քաշեց Կեդրոնական Դրամատան պաշտօնեաներու նշանակումին խնդրայարոյց օրակարգը:

Տիապ ստիպուած այս քայլին դիմեց, երբ Մարատա կուսակցութեան նախագահ Սլէյման Ֆրանժիէ անդրդուելի մնաց իր կեցուածքին վրայ ինչ կը վերաբերի իր տուած անուններուն անպայման նշանակումին: հակառակ պարագային սպառնալով իր հովանաւորած նախարարներուն հրաժարումով: 

Մարատա կուսակցութեան հովանաւորութիւնը վայելող երկու նախարարներուն երէկուայ նիստէն բացակայումը արդէն յստակ կը դարձներ հրաժարականի սպառնալիքին լրջութիւնը:

Տիապ չուզեց վտանգի ենթարկել իր կառավարութիւնը եւ նախընտրեց այս քայլին դիմել, աւելի եւս ժամանակ ունենալու նոր բանակցութիւններու:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին