Լիբանանի մէջ քորոնա ժահրով մահացողներուն թիւը բարձրացաւ 16-ի երբ նոր պարագաներ գրանցուեցան:
Նշենք, որ պարագաներէն մէկը 55-ամեայ հայորդի մըն է, իսկ միւսը՝ Ֆիլիփինի 62-ամեայ դեսպանուհին:
Առողջապահութեան նախարարութեան յայտարարութիւնը նշեց, որ մինչ այդ վարակուածներուն ընդհանուր թիւը հասած է 494-ի:
Ըստ նախարարին մինչեւ այս պահը բուժուածներուն թիւը՝ 43 է:






