Երեքշաբթի, 24. 02. 2026

spot_img

Արմէն Սարգսեան Յարգանքի Տուրք Մատուցած է Ապրիլեան Պատերազմի Զոհերու Յիշատակին

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան, երէկ, այցելած է «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն: Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն։

Նախագահին ուղեկցած են հայկական բանակի նախկին ժամկէտային զինծառայողներ՝ Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի աշխատակիցներ Գոռ Դարմանեանը եւ Լիպարիտ Մելքոնեանը, ինչպէս նաեւ արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան աշխատակից Արկադի Անդրէասեանը: Զինուած ուժերուն մէջ իրենց ծառայութեան ընթացքին անոնք ուշադրութիւն գրաւած են իրենց մարտական բարձր պատրաստականութեամբ եւ նուիրուածութեամբ, վիրաւորուած մարտական գործողութիւններու ժամանակ: Անոնք աշխատանքի ընդունուած են «Հայրենիքի պաշտպան» նախաձեռնութեան ծիրէն ներս, որուն նպատակն է օժանդակել զինուորական ծառայութեան ընթացքին հաշմանդամութիւն ստացած զինծառայողներուն, անոնց ապահովել աշխատանքով:

Նախագահ Սարգսեան եւ անոր ուղեկցող հայրենիքի պաշտպանները ծաղիկներ դրած են 2016թ. Ապրիլեան ռազմական գործողութիւններու ժամանակ իրենց կեանքը զոհաբերած հերոսներու շիրիմներուն եւ յարգանքի տուրք մատուցած անոնց յիշատակին։

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին