Հինգշաբթի, 05. 02. 2026

spot_img

Մենք Տակաւին Փոթորիկին Կիզակեդրոնին Մէջ Կը Գտնուինք. Հասան

Առողջապահութեան նախարար Համատ Հասան երէկ յայտարարեց, որ տակաւին անյստակ է Լիբանանի մէջ քորոնա ժահրի գործելիք աւերը: Այս պատճառով տակաւին պէտք է շարունակել չափազանց զգոյշ ըլլալ ըսած է նախարարը:

«Մենք տակաւին վտանգի գօտիին Մէջն ենք եւ փոթորիկին կիզակեդրոնը, որ կրնայ մեզի սայթաքեցնել եթէ չափազանց զգոյշ չշարժինք». Հաստատեց նախարարը ասուլիսի մը ընթացքին:

Նշենք, որ առողջապահական իրավիճակին այս անկայուն օրերուն կառավարութիւնը այսօր պիտի փորձէ Կեդրոնական Դրամատան մէջ կարգ մը պաշտօններու վրայ անձեր նշանակել:

Աւելցնենք, որ գետնի վրայ ապահովական իրավիճակն ալ շատ կայուն չէ մանաւանդ Թրիփոլիի մէջ ուր անկարգութիւններ կը գրանցուին:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին