Երկու նոր հիւանդներ մահացան երէկ, որոնք վարակուած էին քորոնա ժահրով: Մահուան դէպքերը գրանցուեցան Պէյրութի Ռաֆիք Հարիրիի անուան պետական հիւանդանոցին մէջ:
Ըստ հաղորդուածին, երկու պարագաներն ալ, որոնց տարիքները կը տարուբերին 50-60 տարեկանի միջեւ, արդէն իսկ կը տառապէին քրոնիք այլ հիւանդութիւններէ:
Նոր պարագաներուն գրանցումով, Լիբանանի մէջ քորոնա ժահրով մահացածներուն թիւը հասաւ 14-ի:
Վերոյիշեալ հիւանդանոցին պատասխանատուները հաղորդեցին, տակաւին կայ իրենց մօտ մէկ հիւանդ, որուն առողջական վիճակը մտահոգիչ է:
Առողջապահութեան նախարարը երէկ յայտարարած էր ժահրով վարակուածներու 16 նոր պարագաներու մասին, որ Լիբանանի տարածքին վարակուածներուն ընդհանուր թիւը կը հասցնէ 479-ի: