Դեկտեմբեր 31, 1999ին, տեղի տալով Քրեմլինի ներքին խիստ ճնշումներուն, նախագահ Պորիս Ելցին, ռուս ժողովուրդին ուղղուած վարանոտ պատգամով յայտարարեց նախագահական աթոռը լքելու իր որոշումը, աւելցնելով «կը նշանակեմ Վարչապետ Վլատիմիր Փութինը իբրեւ իմ յաջորդս»:
Նորանշանակ նախագահը երբ մտաւ նախագահական գրասենեակէն ներս, ուշադրութեամբ դիտեց պատերուն վրայ կախուած մեծադիր դիմանկարները: Գրաւելով իր աթոռը իր մօտ կանչեց երէց օգնականներէն մէկը եւ հրահանգեց վար բերել այդ բոլոր դիմանկարները եւ զետեղել Մեծն Պետրոսի Դիմանկարը բոլորին փոխարէն: Պատգամը յստակ էր:
Չեչենիոյ մէջ զինեալ ապստամբութիւնը կարելի չէր եղած զսպել Ելցինի իշխանութեան տարիներուն, ուր մեծ թիւով ռուս զինուորներ իրենց կեանքը կորսնցուցին: Նոր նախագահին առաջին գործը եղաւ ոչ միայն ճզմել իսլամամէտ զինեալ շարժումը, այլ քանի մը տարուան կարճ ժամանակաշրջանին, կայունացնել կացութիւնը եւ վերաշինել կիսաքանդ երկիրը:
Նոյն շրջանին, ահաբեկչական գործողութիւններ ահ ու դողի մատնեցին ռուս բնակչութիւնը: Վճռակամ քայլերով նախագահ Փութին KGB-ի նախկին տնօրէն, վերջ դրաւ այդ մարդասպան արարքներուն:
Վերակազմակերպել եւ արդիականացնել ռուս բանակը նախագահ Փութինի առաջնահերթ նպատակը հանդիսացաւ: Զուգահեռաբար, ան իր ուշադրութիւնը կեդրոնացուց ուժանիւթի արտահանման եւ արտածման վրայ, որպէս վստահ գրաւական, տնտեսական ինքնաբաւարարութեան:
Քաջածանօթ ըլլալով Ելցինի պաշտօնավարութեան շրջանին համատարած չարաշահութիւններուն եւ թշուառութեանց, Փութին մեծ ճիգ թափեց երկրին ընկերային-տնտեսական վիճակը բարելաւելու համար:
2014-ի Մարտին, ռուսական բանակին պատկանող անհամազգեստ ջոկատներ յայտնաբերուեցան Խրիմի մայրաքաղաք Սեպաստափոլի եւ մերձակայ շրջաններուն մէջ: Արեւմուտքի մեղսակցութեամբ եւ ակնյայտ մասնակցութեամբ, Քիէւի մէջ տեղի ունեցած իշխանափոխութիւնը լուրջ մտահոգութիւն պատճառեց Քրեմլինի: Ուքրանիոյ Նորահաստատ կառավարութիւնը իր մոլուցքը սկսաւ արտայայտել Ռուսիոյ նկատմամբ: Խրիմի բնակչութեան 80 առ հարիւրը ռուս ըլլալով անհանգիստ կացութիւն մը ստեղծուեցաւ երբ Քիէւ սկսաւ խտրականութիւն գործադրել անոնց նկատմամբ: Ընդամէնը մէկ շաբթուան ընթացքին Ուքրանական սակաւաթիւ ուժերը հեռացան, որուն յաջորդեց հանրաքուէ:
Տեղացի բնիկ ռուս բնակչութիւնը, կարգ մը փոքրամասնութիւններու առընթեր, ջախջախիչ մեծամասնութեամբ հաստատեցին Ռուսիոյ դաշնակցութեան միանալու իրենց կամքը:
2015 թուականի Նոյեմբերին, անսալով Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հրաւէրին, ռուսական բանակը օգնութեան հասաւ Սուրիոյ, ուր ծայրայեղ իսլամ տարրեր լուրջ սպառնալիք կը ներկայացնէին Դամասկոսի իշխանութեանց: Արեւմուտքը ապշած մնաց ի տես ռուսական բանակին արդիական միաւորներուն: Շնորհիւ Իրանի եւ Հըզպալլայի աջակցութեան, ռուսական ուժերուն մասնակցութիւնը սուրիական բանակի կողքին, տկարացուց նախագահ Պաշարի դէմ նախաձեռնուած գրոհը:
Տնտեսական ազդակը
Յառաջիկայ քանի մը ամիսներուն Ռուսիան անհրաժեշտօրէն կարիքը ունի ամսական 12.7 միլիառ եկամուտի կարենալ դիմագրաւելու քարիւղի գինին անկումին ու Քորոնավայրըսի յարուցած մարտահրաւէրները:
Որպէսզի Ռուսիան կարենայ հաւասարակշռել պետական իր պիւտճէն, որուն առիւծի բաժինը կ’ապահովուի քարիւղէն, պէտք է տակառ մը քարիւղին գինը 40 տոլար ըլլայ: Սակայն այսօր, այդ արժէքը խախտած է եւ քարիւղի գինը 25 տոլարի շուրջ է: Հետեւաբար, պետական պիւտճէն հսկայ բաց մը պիտի արձանագրէ: Վերջին տասնամեակներուն երբ քարիւղի գինը կայուն էր – շուրջ 50 տոլարի, Ռուսիան ստեղծեց «անձեռնմխելի հիմնադրամ»:
Այսօր այդ հիմնադրամը վահան մըն է, 100 միլիառ տոլարի անձեռնմխելի գումարով, որպէսզի Ռուսիա տնտեսական կառոյցը չխախտի:
Ռուս տնտեսագէտներու գնահատումով, նոյնիսկ եթէ քարիւղի գինը մնայ ճնշուած, Ռուսիան կրնայ իր տնտեսական բնականոն զարգացումը շարունակել 6էն տասը տարի, առանց ընկրկելու՝ շնորհիւ այդ հիմնադրամին:
Ռուսիոյ Տնտեսական նախարար Անթոն Սուլիանով, սերտ գործակիցն ու գաղափարակիցը նախագահ Փութինի, հաստատեց թէ քարիւղի գինին անկումը շուրջ 40 միլիառ տոլար պիտի արժէ իր երկրին:
Նախարար Սուլյանով կը նկատուի ազգայնական ռուս մը, որուն խորհուրդին անսալով նախագահ Փութին մերժեց Սէուտցի նորելուկ գահաժառանգ իշխանին առաջարկը՝ նուազեցնել Ռուսիոյ քարիւղի արտադրութիւնը՝ կայունացնելու համար քարիւղի գինը: Ինչպէս Անգլիական The Economist շաբաթաթերթը գրեց՝ նախագահ Փութին չընդունիր 37 ամեայ անփորձ իշխանի մը յանձնարարութիւնը:
Հոս տեղին է յիշեցնել թէ քարիւղի այս ցած գինը զօրաւոր հարուած մըն է Ամերիկեան վեց գլխաւոր քարիւղի ընկերութիւններուն: Որպէսզի իրենց եկամուտը հաւասարակշռեն եւ շարունակեն նոր նաւթահանքերու պեղումները եւ արդիականացնեն իրենց սարքաւորումները, քարիւղի գինը նուազագոյնը 45 տոլար պէտք է ըլլայ: Այսօր, երբ շուկան ողողուած է քարիւղով, որովհետեւ սպառնումը մեծ տարողութեամբ կրճատուած է Քորոնավայրըսի պատճառաւ եւ Ռուս-Սէուտական Արաբիա եւ մրցակցութիւնը տրամաբանական վախճանի մը հասնելու հեռանկարները փայլուն չեն, Ամերիկեան քարիւղի ընկերութիւնները պիտի մնան դժուարին կացութեան մէջ, մինչ Ռուսիան պիտի շարունակէ քարիւղ հայթայթել իր բազմազգ յաճախորդներուն:
Իր իշխանութեան անցեալ քսան տարիներուն նախագահ Փութին զօրացուց երկրին ներքին կառոյցը եւ մասամբ յաջողեցաւ իր երկրին երբեմնի վարկն ու հեղինականութիւնը վերահաստատել միջազգային չափանիշով: Բնականաբար Արեւմուտքը կ’առարկէ Ռուսիոյ մէջ մարդկային իրաւունքներու ոտնակոխման եւ բացայայտ է վերին խաւի դերակատարներու կողմէ կիրարկուած տնտեսական գայթակղութիւնները: Այսուհանդերձ Ռուս քաղաքացին, բազմաթիւ վիճակագրութիւններու համաձայն, դրական տրամադրութիւն ունի իր նախագահին նկատմամբ: Երկրին կայունութիւնն ու հետզհետէ (թէեւ դանդաղօրէն) բարձրացող կեանքի մակարդակը ողջունելի երեւոյթ է ռուս քաղաքացիին համար:
Մեծն Պետրոս իշխեց, ընդարձակեց եւ զօրացուց Ռուսիան, 42 տարի: Մեծն Պետրոս 1682էն մինչեւ 1692 թուականը իր եղբօր՝ Իվանի հետ, միասնաբար, իշխեցին: 1696էն մինչեւ իր մահը՝ 1725 Մեծն Պետրոս Միահեծան Ցարն էր Ռուսիոյ:
Աւելին, ան միշտ աչքը սեւեռած պահեց արեւմուտքի վրայ, ընդօրինակելով հոն կիրարկուող յառաջդիմութիւնները: Հաւանաբար նախագահ Փութին հնարաւորութիւն պիտի չունենայ Ռուսիան կառավարելու 22 տարիներ եւս, սակայն Մեծն Պետրոսի տեսիլքը կը բաժնէ՝ զօրացնելու իր երկիրը, սորվելով արեւմուտքէն եւ բարելաւել այդ գիտելիքները՝ ի սպաս իր ժողովուրդին բարօրութեան:
ՆԵՐՍԷՍ ՊԱՊԱՅԵԱՆ