Հինգշաբթի, 05. 02. 2026

spot_img

Մահացած Է Ապտըլ Հալիմ Խատտամը

Փարիզի մէջ մահացած է Սուրիոյ նախկին փոխ նախագահ Ապտըլ Հալիմ Խատտամը։ Այս մասին լուրը հաղորդեց  «Արեւելք»-ը վկայակոչելով լիբանանեան «Էլ Նաշրա» լրատուական կայքը։  

Աղբիւրը նաեւ նշեց, որ Խատտամ երկար  ժամանակով վարած է  Սուրիոյ  Արաբական  Հանրապետութեան փոխ  նախագահի  պաշտօն։ 

Յիշեցնենք, որ Խատտամ, իր քաղաքական  ասպարէզը սկսած է 1960-ականներուն դառնալով Համայի նահանգապետ։ Ան ազդեցիկ  դերակատարութիւն ունեցած է վաղ ութսունականներուն, երբ  նշանակուելէ ետք Սուրիոյ փոխ նախագահ (1984) դարձած է լիբանանեան թղթածրարի գլխաւոր պատասխանատուն եւ համակարգողը։

Մինչեւ 2005 թուական Խատտամ շարունակած է իր նշանակալի ներկայութիւնը  Սուրիոյ մէջ,  որմէ ետք ալ  նախագահ  Պաշշար Ասատին հետ իր ունեցած տարակարծութիւններուն հետեւանքով լքած է Սուրիան եւ հաստատուած՝ Ֆրանսա։

Սուրիոյ մէջ ծաւալած դէպքերէն անմիջապէս ետք Խատտամ հանդէս եկած է ընդդիմադիր դիրքերէ այդպիսով թիրախ դառնալով սուրիական իշխանութիւններուն։

Խատտամ 88 տարեկան էր։

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին