Լիբանանի Առողջապահութեան նախարարութիւնը երէկ յայտարարեց, որ «քորոնա» ժահրով վարակուածներուն ընդհանուր թիւին վրայ աւելցած են 17 նոր պարագաներ։ Այս պատկերով վարակակիրներու ընդհանուր թիւը հասաւ 463-ի։
Յայտարարութեան մէջ նշուեցաւ, որ Ժիպէյլի Սայտէթ Մաունաթ հիւանդանոցին մէջ մահացած է հիւանդ մը, այդպիսով «Քորոնա» ժահրով մահացածներու ընդհանուր թիւը հասաւ 12-ի։
Միւս կողմէ նշենք, որ կառավարութիւնը իր վերջին նիստին, որոշում կայացուց արտերկրի մէջ գտնուող լիբանանցիներ երկիր վերադարձնել Ապրիլ 5-էն սկսեալ:






