Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մուհամմատ Ժաուատ Զարիֆ ԱՄՆու պատժամիջոցները Թեհրանի դէմ «տնտեսական եւ բժշկական ահաբեկչութիւն» անուանած է: Այս մասին կը հաղորդէ «Արեւելք»ը, նշելով, որ նախարարը գրած է «Քոմերսանթ»-ի մէջ հրապարակուած «Պայքարեցէք ժահրին, ոչ թէ մեր դէմ» յօդուածին մէջ:
Զարիֆի խօսքով՝ այդ քայլերը երկրի մէջ յանգեցուցած են մարդասիրական ճգնաժամի:
«Իրանի տնտեսական աղբիւրներու ապօրինի արգելափակման պատճառով անհնարին կը դառնայ դեղամիջոցներու եւ բժշկական սարքաւորումներու հասանելիութիւնը: Այն կը յանգեցնէ մարդասիրական ճգնաժամի: Բժշկական սարքաւորումներ արտադրող եւրոպական ընկերութիւնները ամերիկեան սպառնալիքի պատճառով առեւտուր չեն ըներ Իրանի հետ եւ անոր չեն վաճառեր բժշկական ապրանքներ: ԱՄՆ-ի պատժամիջոցները կը տարածուին օրինական առեւտուրի վրայ: Միեւնոյն ժամանակ ամերիկացի պաշտօնեաներու նախապայմանները դեղամիջոցներու, բժշկական սարքաւորումներու եւ մարդասիրական ապրանքներու վաճառքի վերաբերեալ լուրջ խոչընդոտներ կ’առաջացնեն Իրանի մէջ «Քորոնա» ժահրի դէմ պայքարին մէջ: Այսպիսով՝ ԱՄՆ-ի կողմէ Իրանի նկատմամբ տնտեսական ու բժշկական ահաբեկչութիւնը տարբեր ձեւեր ընդունած է»,-գրած է Իրանի արտաքին գործոց նախարարը:
Զարիֆի խօսքով՝ այն ոչ միայն «ահաբեկչութիւն է Իրանի նկատմամբ, այլ նաեւ յանցագործութիւն մարդկութեան եւ միջազգային հանրութեան դէմ»:






