Հինգշաբթի, 05. 02. 2026

spot_img

«Ոչ Թէ Մեր Դէմ, Այլ Վարակին Դէմ…» Մուհամմատ Ժաուատ Զարիֆ

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մուհամմատ Ժաուատ Զարիֆ ԱՄՆու պատժամիջոցները Թեհրանի դէմ «տնտեսական եւ բժշկական ահաբեկչութիւն» անուանած է: Այս մասին կը հաղորդէ «Արեւելք»ը, նշելով, որ նախարարը գրած է «Քոմերսանթ»-ի մէջ հրապարակուած «Պայքարեցէք ժահրին, ոչ թէ մեր դէմ» յօդուածին մէջ: 

Զարիֆի խօսքով՝ այդ քայլերը երկրի մէջ յանգեցուցած են մարդասիրական ճգնաժամի:

«Իրանի տնտեսական աղբիւրներու ապօրինի արգելափակման պատճառով անհնարին կը դառնայ դեղամիջոցներու եւ բժշկական սարքաւորումներու հասանելիութիւնը: Այն կը յանգեցնէ մարդասիրական ճգնաժամի: Բժշկական սարքաւորումներ արտադրող եւրոպական ընկերութիւնները ամերիկեան սպառնալիքի պատճառով առեւտուր չեն ըներ Իրանի հետ եւ անոր չեն վաճառեր բժշկական ապրանքներ: ԱՄՆ-ի պատժամիջոցները կը տարածուին օրինական առեւտուրի վրայ: Միեւնոյն ժամանակ ամերիկացի պաշտօնեաներու նախապայմանները դեղամիջոցներու, բժշկական սարքաւորումներու եւ մարդասիրական ապրանքներու վաճառքի վերաբերեալ լուրջ խոչընդոտներ կ’առաջացնեն Իրանի մէջ «Քորոնա» ժահրի դէմ պայքարին մէջ: Այսպիսով՝ ԱՄՆ-ի կողմէ Իրանի նկատմամբ տնտեսական ու բժշկական ահաբեկչութիւնը տարբեր ձեւեր ընդունած է»,-գրած է Իրանի արտաքին գործոց նախարարը:

Զարիֆի խօսքով՝ այն ոչ միայն «ահաբեկչութիւն է Իրանի նկատմամբ, այլ նաեւ յանցագործութիւն մարդկութեան եւ միջազգային հանրութեան դէմ»:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին